«Արեւելք»ին շատ սիրելի լիբանանահայութեան համար ուղենշային օր է սեպտեմբերի կէսը, երբ կը նշուի Խաչվերացի տօնը։
Այս տօնը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի մասնաւորապէս Այնճար հայկական աւանին մէջ ապրող Մուսալերցիներուն համար։
Ամէն տարի հազարաւոր հայորդիներ Լիբանանի տարբեր հատուածներէն կը փութան Այնճար նշելու համար այս տօնը, որ նաեւ արտացոլանքն է Մուսալերան հերոսական մարտին, որուն ճամբով ալ մեր հայրենակիցները կարողացան փրկուիլ օսմանեան թուրէն ու սուրէն։
Այս տօնը նաեւ առիթ է, որ Այնճարցիներ վերադառնան ու վերյիշեն իրենց դարաւոր գիւղի աւանդոյթները ու ապրին այդ աւադոյթներով։
Այս առումով ալ ուշագրաւ տեսանիւթ մը տարածած է մեր հայրենակից Նազարէթ Անտէքեանը, ուր այնճարցիներ ամէն տարիքի ու սեռի կը պարեն «քաջերու պարը»։
Պարը գուցէ այլ անուանում մ՚ունի, բայց եւ այնպէս այնճարցիներուն համար քաջութիւնը ուղենիշ է, որ ընկերակից է օսմանի նկրտումներուն եւ չարանենգ գործքերուն յաղթած մեր եղբայրներուն։
Խաչվերացի տօնը Այնճարի մէջ. Մուսալեռցիներ նաեւ պարով յաղթել գիտեն @arevelk1 pic.twitter.com/9qlSjMY1To
— arevelk.am (@arevelk1) September 16, 2023