image

Խաչատուրեանն ու Իրաքի նախագահը քննարկած են TRIPP-ը

Խաչատուրեանն ու Իրաքի նախագահը քննարկած են TRIPP-ը

Թիւրքմենստան կատարած աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հանդիպում ունեցած է Իրաքի Հանրապետութեան նախագահ Ապտ ալ Լաթիֆ Ճամալ Ռաշիտի հետ։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայաստան-Իրաք երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգին առնչուող հարցերու լայն շրջանակ։

Նախագահներն ընդգծած են հայ-իրաքեան յարաբերութիւններու արագ զարգացման, փոխադարձ վստահութեան հիման վրայ ընդլայնուող քաղաքական երկխօսութեան ու գործնական համագործակցութեան խորացման միտուած շարունակական ջանքերու կարեւորութիւնը։

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային անվտանգութեան, խաղաղութեան հաստատման եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ իրականացուող նախաձեռնութիւններու շուրջ։ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը ներկայացուցած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան տեսլականը՝ շեշտելով ծրագրի իրագործման լայն ներուժը՝ որպէս տարածաշրջանային հաղորդակցութեան, փոխկապակցուածութեան եւ տնտեսական ներառական զարգացման յենասիւն։

Այս պարունակին մէջ կողմերը նշած են, որ տարածաշրջանային կայունութիւնն ու փոխկապակցուածութիւնն ունին վճռական նշանակութիւն փոխադրային եւ տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայնման համար։ Ընդգծուած է TRIPP նախագիծի կեանքի կոչման եւ հաղորդակցութեան բոլոր ուղիներու լիարժէք գործարկման կարեւորութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է նաեւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան ներուժին, որու արդիւնաւէտ իրագործումը կրնայ դառնալ կարեւոր ձեռքբերում երկուստեք։

Կողմերը կարեւորած են երկկողմ տնտեսական փոխգործակցութեան ընդլայնումը՝ ընդգծելով առեւտուրի, ներդրումներու եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան խորացումը, ինչպէս նաեւ գործարար կապերու սերտացման ուղղուած նախաձեռնութիւններու մշտական խթանումը։

Քննարկուած են նաեւ 2026 թուականին Հայաստանի մէջ կայանալիք ՄԱԿ Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագրի COP-17 համաժողովի կազմակերպչական եւ բովանդակային հարցերը։ Երկուստեք կարեւորուած է նման բարձր մակարդակի միջազգային միջոցառումներու կայացումը՝ որպէս համաշխարհային բնապահպանական մարտահրաւէրներու յաղթահարման ու միջազգային համագործակցութեան խորացման ուղղուած կարեւոր հարթակ։

Կողմերը դրականօրէն գնահատած են վերջին տարիներուն ձեւաւորուած բարձրաստիճան փոխայցելութիւնները եւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը՝ կարեւորելով այդ միտումներու շարունակական զարգացումը։