image
Հրատապ լուրեր:

Կէտ ձուկերու սպանդը դարձած է «աւանդութիւն»

Կէտ  ձուկերու  սպանդը  դարձած է «աւանդութիւն»

Ֆարերեան կղզիներուն մէջ, որ կը պատկանի Դանիային, տեղի ունեցած է կէտերու ամենամեայ զանգուածային սպանդը: Ինչպէս կը հաղորդէ Daily Mail-ը` տեղացիները, դանակներով եւ եռաժանիներով զինուած, 1428 կէտ սպաննած են երկու լողափի մէջ:

Աղբիւրը նշած է, որ սա բազմադարեայ աւանդոյթի ընթացքին կէտերու սպանդի ամենամեծ ցուցանիշն է: Սովորաբար, կղզիաբնակները կը սպանեն մինչեւ 1000 կէտ:

Կէտերուն կը ստիպեն լողալով հասնիլ ափերու մօտ, ուր ալ  սուզորդի համազգեստ հագած ձկնորսները կը սկսին դանակներով հարուածել կենդանիները: Երեւելի դարձած տեսարանը ահաւոր է. լողափն ու ջուրը ամբողջութեամբ ներկուած են կարմիրով:

Կէտերու զանգուածային սպանդը տեղի կ'ունենայ ամենամեայ «փառատօնի» շրջանակէն ներս Ֆարոյան կղզիներու մէջ, ուր կէտորսութիւնը արգիլուած չէ: