image
Հրատապ լուրեր:

Կէս միլիոն տոլար եւ ձերբակալութիւն. «Տահէշ»ի 2-րդ մարդը ծուղակ ինկած է

Կէս միլիոն տոլար եւ ձերբակալութիւն. «Տահէշ»ի 2-րդ մարդը ծուղակ ինկած է

Վերջերս ձերբակալուած է «Տաhէշ» կազմակերպութեան կարեւոր դէմքերէն՝ Սամի Ալ Ժապուրի, որ եղած էր  2019-ին սպաննուած առաջնորդ՝ Ապու Պաքրի Ալ Պաղտատիի փոխանորդը: Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Ալ Մայատին» կայքէն։ 

Աղբիւրը նշած է թէ Իրաքի բարձրագոյն դատարանը յայտարարութիւն տարածած է, ուր յիշած է թէ Իրաքի գաղտնի սպասարկութիւնը   ի վերջոյ արտասահմանի մէջ ձերբակալած է «Տահէշ» կազմակերպութեան հիմնական դէմքերէն Հաճի Համէտը, եւ փոխադրած զինք՝  Իրաք:

Ըստ նոյն յայտարարութեան Հաճի Համէտի իսկական անունը Սամի Ալ Ժապուրի է: Ան ծնած է Իրաքի Ալ Շարքաթ գիւղը 1974-ին: 2004-ին անդամակցած է «Միացումի եւ Ճիհատի շարժում» կոչուած խմբաւորումին, եւ այդ թուականէն ի վեր վարած է ահաբեկչական գործունէութիւն զանազան խմբաւորումներու մէջ: 

Աղբիւրը նաեւ նշած է, թէ Իրաքի Բարձրագոյն դատարանը ներկայացուցած է Հաճի Համէտի խոստովանութիւնները, որ  ան  ըրած է ինքնակամօրէն:

«2003-ին Իրաքի մէջ անվտանգութեան բացակայութեան, կրցայ ռազմակայաններէն ձեռք ձգել ռազմամթերք եւ պահել զանոնք իմ բնակած գիւղը: 2004-ին երբ ի յայտ եկան խմբաւորումներ,  որոնք կոչ ըրին կռուելու իրաքեան միացեալ ուժերուն ու զինուորականութեան դէմ, առաջնորդութեամբ՝ Ալ Զարքաուիյի, ես անոնց մատակարարեցի իմ պահած զէնքերը», պատմած է Հաճի Համէտ առաջին դատախազին:

Ան խոստովանած է, թէ ըստ կազմակերպութեան հրահանգներուն առեւանգած ու սպաննած է  օտար համայնքներու կամ տարբեր կրօններու հետեւորդներ, եւ նոյնիսկ պատրաստած է պայթուցիկներով լեցուն ինքնաշարժներ, ու զետեղելով շուկաներուն կամ ոստիկանատուներուն դիմաց զանոնք պայթեցուցած է:

Իսկ Ապու Պաքր Պաղտատիին հետ ծանօթանալու հանգամանքներու վերաբերեալ ան ըսած է. «2013-ին Ապու Պաքր Ալ Պաղտատին հրահանգեց, որ զիս սպաննեն, որովհետեւ աշխատած էի «Ժապհաթ ալ Նուսրա»ի ղեկավարներէն՝ Ալ Ժոլանիին հետ, որ բաժնուած էր խմբակցութենէն: Սակայն զանազան միջամտութիւններու շնորհիւ, ան ներեց զիս եւ նշանակեց հարկահաւաք Նինաուա նահանգին մէջ: Մենք Գումարներ կ'առնէինք հարուստներէն ու գործարարներէն եւ ով որ չէր վճարեր կը սպաննէինք զինք: Ամսական 500.000 տոլար կը հաւաքէինք»: 

Ալ Ժապուրի պատմած է թէ ինչպէս  Ալ Պաղտատին ընտրուած է  «Իսլամական պետութեան» Խալիֆա: Անկէ ետք տեղի ունեցած է ներքին կամակերպչական աշխատանք, ստեղծուած են նախարարութիւններ՝ առողջապահութեան, ֆինանսական եւ այլն: Ալ Ժապուրի նշանակուած է նաւթի հորերու պատասխանատու: Անոնք հիմնած են 2500 հոգինոց խումբ մը եւ օգտագործելով հորերը գտնուած սարքաւորումները կրցած են ձեռք բերել Սուրիոյ եւ Իրաքի որոշ հորերու նաւթը ու ծախել զայն, եկամուտ ապահովելով  տարեկան մէկ ու քառորդ միլիառ տոլար:

Ալ Ժապուրիի խօսքով ան մինչեւ 2016 Ալ Պաղտատիին հանդիպած է երեք անգամ միայն: Սակայն 2016-ին երբ սպաննուած է Ապու Ալի Ալ Անպարին, որ պատասխանատուն էր «Տահէշ»ի Դրամի տան, Ալ Ժապուրին կանչուած է Ռաքքա ու նշանակուած Դրամատան իշխան: 

Ի դէպ երբ Իրաքի մէջ սկսած են զինուորական գործողութիւնները, «Տահէշ»ի զինեալները նահանջած են դէպի Սուրիա: Եւ այնտեղ Ալ Ժապուրի նշանակուած է փոխ Խալիֆա: 

Միւս կողմէ, երբ 2018-ին սուրիական բանակը սկսած է յառաջանալ, զինեալներէն շատեր յանձնուած են իշխանութիւններուն, սակայն Ալ Ժապուրի արտաքինը փոխելով յաջողած է փախիլ երկրէն:  Կը նշուի նաեւ, որ Ալ Ժապուրիի մասին տեղեկութիւններ հայթաթողին  մինչեւ 5 միլիոն տոլարի պարգեւավճար  խոստացուած էր։