Երգիչ Անտրէն առողջական խնդիրներ ունեցած է եւ հիւանդանոցն է: Երաժշիտը այդ մասին յայտնած է ինսթակրամեան էջով` Կլենտելի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կատարուած լուսանկարներ ու կարճ տեսանիւթեր հրապարակելով:
«Ձեր աղօթքների կարիքն ունեմ», առաջին հրապարակումը մակագրած է երգիչը, ապա յայտնած, որ կեանքի ու մահուան եզրին եղած է: «Այսօր կեանքի եւ մահուան շեմին էի, բայց Աստուած նորից ինձ պարգեւեց կեանք: Շնորհակալ եմ», գրած երգիչը:
Անտրէն իր վիճակին, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցին մէջ յայտնուելու պատճառին մասին այլ մանրամասնիւթիւններ չէ յայտնած:
