image

«Կեանքի եւ մահուան շէմին էի...». Հանրահայտ երգիչ Անտրէն կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ (Լուսանկար)

«Կեանքի եւ մահուան   շէմին էի...». Հանրահայտ երգիչ  Անտրէն  կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ (Լուսանկար)

Երգիչ Անտրէն առողջական խնդիրներ ունեցած է եւ հիւանդանոցն է: Երաժշիտը այդ մասին յայտնած է ինսթակրամեան էջով` Կլենտելի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կատարուած լուսանկարներ ու կարճ տեսանիւթեր հրապարակելով:

«Ձեր աղօթքների կարիքն ունեմ», առաջին հրապարակումը մակագրած է երգիչը, ապա յայտնած, որ կեանքի ու մահուան եզրին եղած է: «Այսօր կեանքի եւ մահուան շեմին էի, բայց Աստուած նորից ինձ պարգեւեց կեանք: Շնորհակալ եմ», գրած երգիչը:

Անտրէն իր վիճակին, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցին մէջ յայտնուելու պատճառին մասին այլ մանրամասնիւթիւններ չէ յայտնած: