image

«Կազփրոմն» ու Թուրքիան կազային հանգոյցի շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են

«Կազփրոմն» ու Թուրքիան կազային հանգոյցի շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են

«Կազփրոմն» ու Անգարան թրքական կազային հանգոյցի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէզ պատրաստելու շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաքը «Ռոսիա 24» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին։

«Այսօր մեր գործընկերներու հետ պայմանաւորուած ենք համապատասխան ճանապարհային քարտէզ պատրաստել, որ կ՚ընդունուի յառաջիկային, եւ այդ ծիրէն ներս մենք առաջ կը շարժինք, որ ապահովենք այդ նախագիծի իրականացման մեկնարկը», –ըսած է Նովաքը։

Անոր խօսքով՝ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներն առաջիկային Ս. Փեթերսպուրկ պիտի այցելեն ռուսական փորձին ծանօթանալու համար:

«Վստահ եմ, որ այդ օգտակար պիտի ըլլայ Թուրքիոյ տարածքին ելեկտրոնային հարթակի եւ հանգոյցի ձեւաւորումն ապահովելու համար։ Յուսանք, որ 2024-ը այդ նախագիծի իրականացման մեկնարկի տարի կը դառնայ», -ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետը։

Յիշեցնենք`Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներն անցեալ տարուան հոկտեմբերին յանձնարարած էին մանրամասն մշակել Թուրքիոյ մէջ կազային հանգոյց ստեղծելու հարցը։ Ըստ լրատուամիջոցներու`այնտեղ հնարաւոր պիտի ըլլայ տեղափոխել վնասուած «Հիւսիսային հոսքերով» ապահովուող կազի մատակարարումները։ Նշուած էր, որ խօսքը ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ առեւտրային հարթակ ստեղծելու, այլեւ ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ հարաւային ուղղութեամբ մատակարարումներու աւելացման մասին է։