ՄԱԿ-ի յանձնաժողովը Իսրայէլի գործողութիւնները Կազայի հատուածին մէջ ճանչցած է որպէս ցեղասպանութիւն։
Իսրայէլը այս գիշեր լայնածաւալ յարձակում սկսած է Կազայի վրայ․ քաղաքը քսան վայրկեանուան ընթացքին ենթարկուած է 37 հարուածի, նաեւ ուղղաթիռներէ։
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը գործողութիւնը սկսած է երկուշաբթի երեկոյեան․ նախ հարուածած են ռազմաօդային ուժերը, ապա ներս մտած են հրասայլերը։ Նախնական տուեալներով՝ զոհուած է 62 մարդ, գրած է WAFA-ն։ Պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը խոստացած է քաղաքին մէջ գործել մինչեւ «Համաս»-ի լիակատար պարտութիւնը։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է լուծարելու ՄԱԿ-ի այն յանձնաժողովը, որ հրապարակած էր զեկոյ, ուր Իսրայէլի գործողութիւնները Կազայի մէջ ճանչցուած էին որպէս ցեղասպանութիւն։ Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ զեկոյցը հիմնուած է «սուտերու վրայ»։