Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը կը կարծէ, որ եթէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութիւնը չլուծուի, այն կրնայ մարդոց զանգուածային տեղաշարժ հրահրել, նաեւ`դէպի Եւրոպա, եւ մեծցնել ահաբեկչութեան վտանգը:
«Ոչ միայն մարդասիրական, արդարութեան կամ բարոյականութեան նկատառումներէ ելլելով, այլ նաեւ այն պատճառով, որ եթէ մենք հիմա չկարգաւորենք, այն կրնայ յանգեցնել մարդոց տեղաշարժի, նաեւ՝ դէպի Եւրոպա, եւ մեծցնել ահաբեկչութեան սպառնալիքի եւ միջհամայնքային լարուածութեան վտանգը», -գրած է Պորելը Financial Times բրիտանական թերթի համար պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան նուիրուած յօդուածին մէջ:
Դեռ հոկտեմբերի կէսերուն ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինի մշտական ներկայացուցիչ Ռիյատ Մանսուրը յայտարարած էր, որ աւելի քան 1 միլիոն պաղեստինցիներ ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները Իսրայէլի կողմէ Կազայի հատուածի գնդակոծութիւնները սկսելէն ի վեր: