image

«Կարծում եմ` շուտով նորութիւն կ՚ունենանք». Ալեն Սիմոնեանը` գերիներու վերադարձի մասին

«Կարծում եմ` շուտով նորութիւն կ՚ունենանք». Ալեն Սիմոնեանը` գերիներու վերադարձի մասին

Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները հնարաւոր է` մօտ օրերս վերադառնան։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը։

«Սպասում ենք, կարծում եմ, որ մօտ ժամանակներում տեղեկութիւն կ՚ունենանք։ Ես էլ եմ լիայոյս։ Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան մասով որեւէ փոփոխութիւն չկայ, գործընթացը ընթացքի մէջ է»,– նշած է Սիմոնեանը։

Յիշեցնենք` դեկտեմբեր 7-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն ու Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմը համատեղ յայտարարութիւն տարածեցին, որուն մէջ ըսուած էր` Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնն ազատ պիտի արձակէ 32 հայ զինծառայող, Հայաստանն ալ իր հերթին ազատ պիտի արձակէ 2 ատրպէյճանցի զինծառայող։