Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը գրած է, որ այցելած է Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի:
«Այցելեցի Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի, ծանօթացայ վերանորոգման աշխատանքներուն», գրած է Կարօ Փայլան:
Յիշեցնենք, որ 2015 թուականի վերջերուն սկսած թուրք-քրտական ընդհարումներուն ժամանակ Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին մեծ վնաս կրած էր: Եկեղեցւոյ վերականգման աշխատանքներուն կ'աջակցի նաեւ թրքական պետութիւնը: Վերանորոգումը սկսուած է 2019 թուականին: