image

Կարեւոր բացայատում. Պետական դաւաճանութեամբ մեղադրեալ զինուոր մը ձերբակալուած է

Կարեւոր  բացայատում.  Պետական դաւաճանութեամբ մեղադրեալ  զինուոր մը ձերբակալուած է

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցները բացայայտած են պետական դաւաճանութեան եւս մէկ դէպք: Այս մասին ԱԱԾ-ն տարածած է հաղորդագրութիւն:

«Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ռազմական հակահետախուզութեան բաժանմունքի կողմից ձեռնարկուած հետախուզական արդիւնաւէտ միջոցառումների արդիւնքում պարզուել է, որ ՀՀ քաղաքացի Դ.Ղ.-ն, հանդիսանալով զինծառայող, ծառայութեան բերումով տիրապետել է N զօրամասի պահպանութեան ներքոյ գտնուող սահմանագծի երկայնքով տեղակայուած մարտական դիրքերի կոօրդինատների, կահաւորուածութեան, սպառազինութեան, հերթափոխում ընդգրկուած զինծառայողների քանակի եւ մարտական հերթապահութեան իրականացման հետ կապուած այլ տեղեկութիւնների: Նկարագրուած պայմաններում վերջինս 2022 թուականի Յունուարին Ֆէյսպուք սոցիալական ցանցի միջոցով ծանօթացել է օտարերկրեայ յատուկ ծառայութեան ներկայացուցչի հետ եւ հաւաքագրուել նրա կողմից, որից յետոյ 2022 թուականի Յունուարից Մարտն ընկած ժամանակահատուածում, հաւաքել եւ բջջային յաւելուածներով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւնների ներկայացուցիչներին է փոխանցել պետական եւ ծառայողական գաղտնիք կազմող` իրենց ստորաբաժանման պահպանութեան ներքոյ գտնուող մարտական դիրքի տեղակայման վայրի, մարտական հերթապահութիւն իրականացնող անձնակազմի թուաքանակի եւ մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու հետ կապուած այլ տուեալներ` այդ կերպ լրտեսութեան եղանակով կատարելով պետական դաւաճանութիւն` ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային անձեռնմխելիութեան եւ արտաքին անվտանգութեան, որի դիմաց բանկային փոխանցման միջոցով ստացել է օտարերկրեայ պետութեան յատուկ ծառայութիւնների կողմից ուղարկուած 200 ԱՄՆ տոլար գումար վարձատրութիւն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պետական դաւաճանութեան դէպքի առթիւ ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին մէջ յարուցուած քրէական գործի շրջանակներում Դ.Ղ.-ն ձերբակալուած է եւ տուած է խոստովանական ցուցմունք, որմէ յետոյ քրէական գործով հաւաքուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ վերջինս ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ, անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը: