image

Կառավարութիւնը երբեք չէ գործած եկեղեցւոյ դէմ. Փաշինեան

Կառավարութիւնը երբեք չէ գործած եկեղեցւոյ դէմ. Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ Հայ առաքելական եկեղեցին ոմանք կը փորձեն օգտագործել որպէս յենման կէտ՝ ՀՀ-ի դէմ գործելու համար։

«Մենք դա թոյլ չենք տալու։ Այսօր եկեղեցու փաստացի պետը եւ վերնախաւն աղանդաւորութեան տրամաբանութեան մէջ են։ Եկեղեցին պէտք է ազատենք հերձուածից եւ վերադարձնենք ժողովրդին»,-ըսած է վարչապետը։։

Ան անդրադարձած է եկեղեցւոյ բարենորոգման ծրագրին, ըսելով, որ պէտք է պաշտպանել ու թիկունք կանգնիլ այն 10 եպիսկոպոսներուն, որոնք հանդէս եկած են նման առաջարկով. «Մենք պէտք է թիկունք կանգնենք նրանց, այնպէս, ինչպէս այս դժուար պահին իրենք թիկունք են կանգնել իրենց ժողովրդին ու պետութեանը»։

Ըստ վարչապետի. «Եկեղեցու բարենորոգման որեւէ հետեւորդ իրեն չի սրբացնում, ընդհակառակը, այդ տեքստի մէջ յստակ արձանագրուել է, որ մեզնից իւրաքանչիւրն ընդունել է իր մեղաւորութիւնը, իր պատասխանատւութիւնը»։

Փաշինեանի կարծիքով, իրենք երկար ժամանակ կոպիտ սխալ գործած են, եկեղեցին երկար ժամանակ մինակ ձգած են «հերձուածի հետ», եւ այս քայլարշաւը այն մասին է, որ իրենք եկած են ու եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորներուն, Քրիստոսին մինակ պիտի չթողեն։

Փաշինեանը յորդորած է պատարագներուն զեղչել այն անունը, որ պիտի չհնչէ խորանէն, մինչեւ որ ըլլայ «Յիսուս Քրիստոսի անունով, ժողովրդով, ազգային եկեղեցական ժողովով իրապէս ընտրուած եւ իր կոչման, իր ապրածի, իր աշխարհայեացքի, իր հոգու պարունակութեան իմաստով լեգիտիմ կաթողիկոս»։

Ան կոչ է ըրած է ժողովուրդին մասնակցելու պատրագներուն, իսկ հոգեւորականներուն՝ միանալու եկեղեցւոյ բարենորոգման օրակարգին. «Յանուն հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ յանուն մեր տէր եւ փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի»։