image

Կառավարութիւնը աջակից է քաղաքապետարանին

 Կառավարութիւնը աջակից է քաղաքապետարանին

«Երեւանի աւագանին յստակ քաղաքական կամք ցուցադրեց. 2018-էն ի վեր՝ Կառավարութիւնը էական աջակցութիւն ցոյց տուած է Երեւանի քաղաքապետարանին», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ նոր քաղաքապետի երդմնակալութեան արարողութեանը:

Այս մասին՝ Արեւելքը տեղեկացաւ ԹԵՐԹ.am – էն:

Փաշինեան յաջողութիւններ մաղթեց նորընտիր քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանին եւ աւագանիին՝ նախանշուած ծրագրերը իրականացնելու համար: Ան նաեւ նշեց. «Ուզում եմ շնորհաւորել Երեւանի աւագանուն, որովհետեւ իմ համոզմունքն այն է, որ մեր օրակարգի կարեւորագոյն խնդիրներից մէկը պետական ինստիտուտների կայացումն է, եւ վերջին  օրերին տեղի ունեցած իրադարձութիւններով Երեւանի աւագանին յստակ քաղաքական կամք ցուցադրեց ՀՀ-ում տեղական ինքնակառավարման նոր մոդելի կայացման ճանապարհին։ Շնորհակալութիւն եմ յայտնում քաղաքական սկզբունքայնութեան համար»: