ՀՀ Քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ` Երեւան քաղաքի Հանրապետութեան Հրապարակ, Կառավարական տուն 3 վարչական շէնքի դիմաց զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու եւ անոնց մասնակցելու դէպքին առթիւ:
ՔԿ-էն կը յայտնեն, որ 2022թ. Մայիս 30-ին ընդդիմադիր «Դիմադրութիւն» շարժման կազմակերպիչները Երեւան քաղաքի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ կազմակերպած են հերթական հաւաք, որու ընթացքին անոնց որոշմամբ եւ ուղղորդմամբ մասնակիցները շարժած եւ հասած են վերը նշուած հասցէին գտնուող նախարարութիւններ` պարզելու նախարարներու դիրքորոշումը` Արցախի` Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալու հարցին վերաբերեալ:
Արդէն Կառավարական տան դիմաց ընդդիմադիր պատգամաւորները փորձած են մուտք գործել մասնաշէնք, ուր հասարակական կարգի պահպանութիւնը իրականացնող ոստիկանութեան ծառայողներէն տեղեկացած են, որ նախարարները տուեալ պահին չեն կրնար ընդունիլ զիրենք: Հաւաքի կազմակերպիչները կոչ ըրած են ճեղքելու ոստիկանական պատը եւ ներխուժելու մասնաշէնք, որմէ յետոյ մասնակիցները շարժած են դէպի Կառավարական 3-րդ տան մուտքի առջեւ ծառայութիւն իրականացնող ոստիկաններէ կազմուած պատնէշը, չենթարկուելով ոստիկաններու օրինական պահանջներուն, սկսած են զանգուածային անկարգութիւններ` հրել ու հարուածներ հասցուցած են անոնց եւ այդ կերպ բռնութիւն գործադրելով վերջիններուս նկատմամբ` ճեղքած են պատնէշը, յառաջացած, կոտրած են մասնաշէնքի դռներն ու ապակիները, մուտք գործած են շէնքի նախասրահ:
Անկէ յետոյ, հաւաքի կազմակերպիչները յայտարարած են, թէ իբրեւ թէ կը հեռանան նշուած վայրէն եւ կը շարունակեն երթը Հանրապետութեան փողոցով դէպի Տիգրան Մեծ պողոտայ, իսկ այնուհետեւ` Նալպանտեան փողոցով դէպի Սայաթ-Նովա պողոտայի հատման վայր: Այդ կերպ շեղելով ոստիկանութեան ծառայողներու ուշադրութիւնը եւ հասնելով մեթրոյի Հանրապետութեան Հրապարակ կայարանին մօտ` հաւաքի կազմակերպիչներուն ուղղորդմամբ, զանգուածային անկարգութիւններու մասնակիցները, խումբերով, տարբեր ուղղութիւններով վազած եւ կրկին յառաջացած են դէպի Կառավարական 3-րդ տուն, եւ չենթարկուելով ոստիկանութեան ծառայողներու օրինական պահանջներուն` փորձած են կրկին մուտք գործել նախարարութիւններ, սակայն հանդիպելով ոստիկանական պատնէշին, քաշքշելով, հրելով ու հարուածելով` անոնց նկատմամբ կրկին բռնութիւն գործադրած են:
Զանգուածային անկարգութեան մասնակիցներուն գործողութիւնները երկու պարագաներուն ալ կասեցուած եւ խափանուած են այնտեղ ժամանած ոստիկանութեան յաւելեալ ուժերու միջամտութեան արդիւնքով, որու ընթացքին մէկ տասնեակէ աւելի ոստիկաններ ստացած են մարմնական վնասուածքներ:
Դէպքին առթիւ քրէական գործը յարուցուած է ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 225-րդ յօդուածի 1-ին եւ 2-րդ մասերով: Այս պահի դրութեամբ կայ ձերբակալուած ութ անձ:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: