Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Նիւ Ճըրզի քաղաքը օրերս փառաւորապէս պատուեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ժողովրդային հանդիսութիւն նուիրուած Հայրապետի գահակալութեան եւ օծման 30- ամեակին:
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Ուրբաթ, 14 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ազգային առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն՝ նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան եւ օծման 30 ամեակին: Հանդիսութեան ներկայ էին Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի համայնքներէն ներս ծառայող ազգային մարմինները, ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, հոգեւոր դասը եւ մեծ թիւով ազգայիններ:
Հանդիսութեան երկու գլխաւոր բանախօսներն էին Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան եւ Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ ու թեմի ազգային վարչութեան կրօնական ժողովի ատենապետ Գերապատիւ Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան: Հայր Հրանդ իր խօսքին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան միջ-եկեղեցական մարզէն ներս աւելի քան 50 տարիներու վաստակին, իսկ հայր Պօղոս կեդրոնացաւ Նորին Սրբութեան հայ կեանքէն ներս ունեցած անզուգական ու պատմական ներդրումներուն վրայ:
Տեղւոյն Համազգայինի Արեգակ երգչախումբը ու պարախումբը իրենց գեղեցիկ կատարողութեամբ ծաղկեցուցին հանդիսութիւնը: Ցուցադրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին երեսնամեայ գահակալութեան նուիրուած կարճ տեսերիզ մը։
Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, իր սիրտի խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Վեհափառ Հայրապետը, իր նախնիներուն եւ մանաւանդ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի օրինակով, Կիլիկեան Սուրբ Աթոռը առաջնորդեց փոթորկալից եւ ամեհի պայմաններէն դէպի խաղաղ ու բարգաւաճ ափեր։ Սրբազան հայրը նաեւ յայտնեց, որ Հայրապետը իր խիզախ ու յանձնառու կեցուածքով Անթիլիասի ոգին ցոլացուց իր անձին մէջ եւ զայն իր հարազատ տարազով փոխանցեց յաջորդ սերունդներուն:
Աւարտին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը ուղղեց իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը։ Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին ու ազգային վարչութեան՝ նման ձեռնարկ կազմակերպելու իրենց մտայղացումին համար: Ան նաեւ գնահատեց երեսնամեայ հայրապետական գահակալութեան իրագործումները արժեւորող երկու բանախօս հայր սուրբերը: Ապա ըսաւ, թէ «հայրապետական գահակալութեան 30 տարիները կարելի է խտացնել մէկ բառի մէջ.- ծառայութիւն: Ծառայութիւն մը, որ իրագործուեցաւ նուիրումով, յանձնառութեամբ, հաւաքական հաւատքով ու հետեւողական ճիգով: Այդ ծառայութիւնը, Աստուծոյ օրհնութեամբ, մէկ նպատակ ունէր՝ ազգը, Հայրենիքը ու եկեղեցին: Յաճախ կը յիշեցնեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ Անթիլիասը վայր մը չէ, այլ ծառայութիւն է: Անթիլիասի հզօրութեան աղբիւրը ժողովո՛ւրդն է, իսկ ծառայութեան դաշտը դարձեալ ժողովուրդն է: Այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ, Անթիլիասը Վեհափառին, միաբանութեան եւ բոլոր մարմիններուն կողմէ կը ծառայէ»: Ապա, Նորին Սրբութիւնը անգլերէնով շարունակեց իր խօսքը եւ ըսաւ. «any celebration is essentially thanksgiving to God who is the Creator of our life, its sustainer and guider. It is also a call for critical self-assessment as well as a comprehensive evaluation of one’s public responsibility.
This is how I see the 30th anniversary of my pontificate.
I can condense my 30 years of pontifical ministry in one word: SERVICE: service to God, to our church and people. I leave to our people and history to judge my pontificate. But I can affirm with joy that I did try to open a new page in the history of our Catholicosate, a page marked by so many achievements in the multiple spheres of our common life.
The Catholicos is not an individual person; he is identified with the Catholicosate, and by Catholicosate I mean clergy, our committees, prelacies, what we did was a collective achievements. And it is a fact that our Catholicosate has a central place particularly in Diaspora with its multi-dimensional role. We are committed to continue our mission with renewed efforts and dedication»:
Նորին Սրբութեան գահակալութեան 30-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգի միահունչ կատարողութեամբ:




