 
                    Հալէպի մէջ, օրերս, լոյս տեսած է Ս. Մքտաուլի «Բարոյագիտութիւն-Համարձակ Ըլլալ Բոլոր Պարագաներու Մէջ» գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը իր երկրորդ տպագրութեամբ, զոր հայացուցած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Արք. Աշգարեան։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին «Գանձասար»ի հաղորդագրութիւնը՝
Օրերս, հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս տեսաւ Ս. Մքտաուլի «Բարոյագիտութիւն-Համարձակ Ըլլալ Բոլոր Պարագաներու Մէջ» գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը իր երկրորդ տպագրութեամբ, զոր հայացուցած է Գերշ. Տէր Մակար Արք. Աշգարեան, Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմին։
Գիրքը կը հրատարակուի մեկենասութեամբ՝ Գասապեան եղբայրներու, ի յիշատակ իրենց մօր՝ Արշալոյս Գասապեանի (մահուան քառասունքին)։
Գիրքի նախաբանին մէջ Մակար սրբազան կը մատնանշէ ժամանակակից աշխարհի բարոյական ճգնաժամը՝ յատկապէս երիտասարդ սերունդին վրայ ազդող յարաբերապաշտ գաղափարախօսութեան վտանգները։ Մակար սրբազան կը գրէ. «Ներկայ աշխարհը, դժբախտաբար, բարոյական յարաբերապաշտութեամբ կողմնորոշուող իրողութիւն մը դարձած է, որուն մէջ դպրոցական եւ համալսարանական ուսանողներ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ շարունակ կը ռմբակոծուին խառնաշփոթ տեղեկատուութեամբ եւ յարաբերական բարոյականութեան գաղափարախօսութեամբ:
Հեղինակը՝ Ս. Մքտաուլ, գեղեցիկ ճիգով մը կը մղէ նոր սերունդի ներկայացուցիչները, որպէսզի աստուածաշնչականօրէն մտածեն կեանքի դժուար հարցերու մասին։ Այլ խօսքով, ան այս գիրքին ճամբով, կ'օգնէ երիտասարդներուն աւելի լաւ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կրնան աստուածաշնչական վերահասութեամբ բարոյական որոշումներ գոյացնել գլխաւոր երեւոյթներու շուրջ։
«... Այլ խօսքով, գիրքը կ'օգնէ մեզի, որ յստակ եւ թարմ խորաթափանցութեամբ ճիշդ ընտրութիւններ կատարենք դիմագիծը կորսնցուցած եւ վայրենացած ժամանակակից աշխարհին մէջ»։
Հեղինակը ընթերցողը կը մղէ՝ ճշգրիտ որոշումներ առնելու, երբ աշխարհը կը մերժէ ճշմարտութիւնը եւ կը խարխլէ բարոյական հիմքերը։
Գիրքը կը դառնայ քարտէզ՝ ընթերցողը քաոսային մշակոյթի ընդմէջէն առաջնորդելու դէպի հոգեկան խաղաղութիւն եւ ամուր բարոյականութեամբ օժտուած կեանք։
Աւարտին Մակար սրբազան կը յուսայ, որ գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը կ'օգնէ ընթերցողին՝ պատասխաններ գտնելու կեանքի ամենադժուար հարցերուն, ինչպէս նաեւ պատասխանելու այն մարդոց, որոնք կը հեգնեն աստուածաշնչական ճշմարտութիւններն ու չափանիշերը: