image

«Արժէքներու եւ ծառայութեան ճամբով».Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս

  «Արժէքներու եւ ծառայութեան ճամբով».Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս

 ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ տուած  իր հովուական այցի ծիրէն ներս  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց  Թեմի Ազգային Առաջնորդարան։

 Եղելութեան մասին  «Արեւելք» իմացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն եւ ստորեւ կը ներկայացնենք   հարթակին հրապարած հաղորդագրութիւնը՝

 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ազգային առաջնորդարանի մուտքին Արեւմտեան Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասուն կողմէ դիմաւորուեցաւ, որմէ ետք հայրապետական թափօրը «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ առաջնորդարանի մատուռ, ուր գոհաբանական աղօթք կատարուեցաւ։

Ապա, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Նորին Սրբութիւնը յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ ներկայ միաբան հայրերուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց միաբանական կեանքին մէջ եղբայրասիրութեան, համագործակցութեան եւ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ուղղուած ծառայութեան առաւել ծաւալման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը։ Հանդիպումէն ետք, առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնն ու տիկնանց միութիւնը Հայրապետին մօտեցան եւ անոր հայրապետական օրհնութիւնը ստացան։

Յիշեալ հանդիպումներէն ետք, Նորին Սուրբ Օծութիւնն ու հոգեւոր հայրերը սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան։ Արեւմտեան Հայոց Թեմի քահանայ հայրերու կողքին նաեւ ներկայ էին առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Բաբգէն Արք. Չարեան, Մուշեղ Արք. Մարտիրիսեան, Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեան եւ Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

Խօսք առնելով Գեղամ արքեպիսկոպոս՝ որդիաբար ողջունեց Նորին Սրբութեան հոգենորոգ ներկայութիւնը Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս։ Իր խօսքին մէջ ան ընդգծեց Հայոց Հայրապետին ներկայութեան կարեւորութիւնը որքան ժողովուրդին, նոյնքան հոգեւորականներուս կեանքին մէջ։ այս առիթով, յանուն ներկայ հոգեւոր հայրերուն, սրբազան հայրը շնորհաւորեց Վեհափառ Կաթողիկոսին գահակալութեան 30 ամեակը՝ անոր մաղթելով երկար ու բեղմնաւոր գահակալութեան տարիներ։

Հաւաքի աւարտին իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան եկեղեցականներուն յիշեցուց, թէ «եկեղեցին սոսկ կառոյց ու ծէս չէ. եկեղեցւոյ ինքնա-արտայայտութիւնը պէտք չէ շփոթել անոր էութեան հետ. եկեղեցին ծառայական առաքելութիւն է՝ ուղղուած ժողովուրդին։ Քրիստոս ժողովուրդին գնաց. Իր ուսուցումներուն ու հրաշքներուն ճամբով ժողովուրդին փոխանցեց աշխարհ բերած Իր երկնային ճշմարտութիւններն ու արժէքները։ Որպէս Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակելու կոչուած հոգեւոր ծառաներ, ա՛յս յանձնառութեամբ մենք պէտք է երթանք ժողովուրդին` անոր կեանքին մէջ եկեղեցին դարձնելով կենդանի ներկայութիւն»։

Շարունակելով իր խօսքը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «գիտեմ, որ եկեղեցին նաեւ վարչական պարտաւորութիւններ ունի, սակայն հոգեւորականին ծառայութիւնը պէտք չէ մնայ վարչական ու գրասենեակային աշխատանքներու ծիրին մէջ։ Հարկ է մշակել այնպիսի ծրագիրներ, որոնք ժողովուրդին կեանքը կը կենսագործեն հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով եւ աստուածաշնչական սկզբունքներով։ Չմոռնանք, որ եկեղեցին սոսկ քարեղէն կառոյց չէ, այլ հաւատքի համայնք է։ Այդ համայնքին մասնակցութեամբ է որ եկեղեցին կը դառնայ հզօր ու պայծառ»։

Անդրադառնալով հոգեւորականի կոչումին՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց. «հոգեւորականը սոսկ ծիսակատար պէտք չէ դառնայ, այլ՝ հոգեւոր հովիւ ու ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Հոգեւորականը սոսկ վարչական պատասխանատու պէտք չէ դառնայ, այլ` իր ծուխին հոգեւոր հայրը, մնայուն կապի մէջ ըլլալով իր ծուխի ընտանիքներուն, հիւանդներուն, ծերերուն ու կարիքաւորներուն հետ։ Անոնց պէտք է ծառայէ Աստուծոյ օրհնութիւնը բաշխելով։ Այսպէս կը սպասեմ որ ըլլայ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր ծառայութեան լծուած հայ հոգեւորականը»։