image

Զելենսքիի հայրենի քաղաքին մէջ բողnքի ցnյցեր սկսած են

Զելենսքիի հայրենի քաղաքին մէջ բողnքի ցnյցեր սկսած են

Ուքրանիոյ Քրիվոյ Ռոկի բնակիչները բողոքի ցոյցեր ըրած են ելեկտրականութեան անջատումներուն դէմ։

Ցուցարարներն ելեկտրականութեան անջատումներու ժամանակացոյցը անարդար համարած են եւ պահանջած կարգուկանոնի վերականգնում։

Նշուած է, որ դժգոհ մարդիկ հաւաքուած են քաղաքային խորհուրդի շէնքին առջեւ եւ խոչընդոտած երթեւեկութիւնը։

Զանգուածային, քանի մը ժամ տեւողութեամբ ելեկտրականութեան անջատումներն Ուքրանիոյ մէջ սկսած են 10 հոկտեմբերին: Իշխանութիւնները յայտնած են ելեկտրացանցերուն եւ հանրային ծառայութիւններուն հասցուած վնասներուն մասին: Իրավիճակը կայունացած է 11 հոկտեմբերին, սակայն արտակարգ ելեկտրային անջատումներու ժամանակացոյցերը վերականգնուած են 13 հոկտեմբերին: