Ինը տարի անցած է այդ օրէն, երբ Ճիկին «կամովին» մեր տան շեմէն հեռացաւ։ Միտքովս յաճախ կը խօսիմ իրեն հետ, առանց իմանալու, եթէ ինք տակաւին կ՚ապրի կամ ոչ:
-Ճիկի՛, գիտե՞ս, որ մեկնելէդ ետք շատ բաներ փոխուեցան մեր տան մէջ: Այլեւս չկան Կիրակնօրեայ ծովեզերեայ պտոյտները: Ան, որ բոլորս իր շուրջ կը հաւաքԷր, ոյժ եւ յոյս կը ներշնչէր, ակամայ հեռացաւ մեզմէ: Բարեկամներ, որոնք մշտական ներկայութիւն էին մեր կեանքին մէջ, մեկնեցան հեռու ցամաքամասեր, իսկ ուրիշներ ալ առ յաւէտ հեռացան այս աշխարհէն: Կը յիշե՞ս մեր պատշգամը, որուն ձողերուն արանքէն կը դիտէիր անցորդները, այսօր այդ ձողերը ծռած են: նաւահանգիստին պայթումով մենք դառնագին եղելութիւններու ականատես դարձանք՝ մահ, քանդում, յուսալքում... եւ մինչեւ օրս ահռելի պայթումին դղրդոցը «չէ լռած»…:
Գիտեմ Ճիկի, որ անհասկնալի են խօսքերս եւ ես միամտաբար քեզի հետ կը կիսեմ այս բոլորը: Երանի կարելիութիւն ըլլար ժամանակին սլաքները ետ դարձնել եւ մենք դարձեալ քալէինք Միջերկրականի ափերը...: Միջերկրականը, որ իր կապոյտով կ՚ապրեցնէ երազներս եւ իր ցօղերով կը մեղմացնէ թէժ կարօտս։
-Սեւա՛կ տղաս, ճիշդը խօսէ՜, գլուխս պիտի պայթի։ Կարծես այս տղոց արեան մէջ սխալ բան մը կայ։ Արդեօ՞ք ծխող-խմող, գէր-մէր եւ շուկայի ճաշերով սնուողներ են:
-Ամա՜ն մայրս, հիմա տէրտդ (հոգդ) տղոց կերած խմա՞ծն է։
Թեւիս երակէն ներարկուած արիւնը, գլխուս մէջ ծաւալող ճնշումը, վիրաբուժական նշտրակին ցաւը եւ անզգայնացող դեղերուն պատճառած սիրտ խառնուքը՝ զիս ահռելի վիճակի մատնած էին:
-Սեւա՛կ, շնորհքով պատասխան մը չտուիր. այս տղոց արեան մէջ...:
-Մա՛յրս, միտքդ «հանգիստ» թող ըլլայ, այս տղաքը կը խմեն ալ, կը ծխեն ալ եւ շատ գէր են: Երբ հայրս հեռաձայնեց, որ մայրդ վիրաբուժական սենեակին մէջ է եւ շտապ արեան կարիք ունի, ոտքս ձեռքս իրար անցան: Էշրէֆիէէն սուրացի դէպի Պուրճ Համուտ: Ողջ մնան ընկերներս, որոնք, որ Օ+ արիւն ունին, առանց «մուննէթի» (յօժարակամ) ինքնաշարժս նետուեցան եւ հիւանդանոց եկան...:
-Է՜, հիմա՛ եղաւ, ես գիտեմ քու ընկերներդ...:
Սեւակին համբերութիւնը սպառած էր ու քիչ մըն ալ բարկացած:
-Մա՛յրս, այդ նեղ կացութեան, ուրկէ՞ քեզի պէս երեք-չորս բողոքական (աւետարանական) կնիկներ գտնէի, որոնք նիհար- միհար են, ոչ կը ծխեն, ոչ կը խմեն եւ պատրաստ են քեզի արիւն տալու: Սեւակին սրամիտ «հիւմոր»ը կրնայ, որեւէ իրավիճակի մէջ խնդուք պատճառել:
Յաջորդ առաւօտ ցաւերս անտանելի էին...: հիւանդապահուհին հակառակ մերժումիս, զիս անկողինէն դուրս քաշեց եւ ստիպեց, որ քալեմ: Պահ մը աշխարհը աչքիս առջեւ սեւցաւ, շնչասպառ եւ սպառած վիճակով ընկղմեցայ մօտիկ թիկնաթոռին մէջ: Հազիւ ուշքս վերագտած էի, ամուսինս «աւետիս» մը փոխանցեց. «Սիլվա՛, տղադ՝ Սեւակը, տունը շուն բերած է. Թէեւ գիտեմ, որ պիտի բարկանաս, բայց պէտք է իմանաս»: Աչքերուս սեւը արծաթագոյն կայծակի վերածուեցաւ:
-Ի՞նչ. շո՞ւն. ըսէ՛, որ կատակ կ՚ընես: Անմիջապէս իր ձեռքէն վերցուցի բջիջայինը ու Սեւակին հետ կապուեցայ, առանց հաշուի առնելու, որ ան դասապահի մէջ է:
-Շո՛ւտ այդ շուն կոչեցեալը տունէն կը ղրկես: Տանս մէջ շուն չեմ ընդունիր: Անկարելի է եւ վե՛րջ։
Բարեբախտաբար Սեւակը զայրոյթս շատ մեղմ ձեւով ընդունեց եւ պատասխանեց. «Լա՜ւ մայրս, լա՜ւ»: Այնպէս զգացի, որ մէկ հեռաձայնով «գորդեան հանգոյցը» քակուեցաւ...:
Քանի մը օր հիւանդանոց մնալէ ետք, ամուսինիս օգնութեամբ տուն վերադարձայ: Յստակ էր, որ զաւակներս «լա՜ւ» հոգ տարած էին տան...: Տունը կարծես սառնարան մը ըլլար: Պատուհանները ու պատշգամին դուռները բաց ձգուած էին, իսկ վարագոյրները հովին կամքին յանձնուած: Յանկարծ կողքէս բան մը անցաւ ու ես սարսափած պոռացի. « Կարօ՛, տունը առնէտ մտեր է»։ «Առնէտ չէ՛ Սիլվա, տղուդ բերած շունն է»:
Զարմացած ըսի. «Ի՞նչ, դեռ չէ՞ տարած, հապա ինծի ըսաւ. «Լա՜ւ, մայրս լա՜ւ»:
Գետնի վրայ տեսածներս կը հաստատէր, որ սա շունը բերուած էր մշտական կեցութեան համար: Իբր թէ քանի մը օրուան եկուոր էր, բայց ինձմէ աւելի առարկաներ ունէր՝ տնակ, հագուստներ, վզկապեր, խաղալիքներ, շինծու ոսկորներ…։
Չորս ամիս գրեթէ ամէն օր Սեւակին հետ լուրջ կռիւներ ունեցայ, բայց անօգուտ...: Վատառողջ էի, հոտերէն սիրտս կը խառնուէր, շան հաջոցէն կը նեղանայի, մազերէն կը խորշէի, իսկ ան անընդհատ ուշադրութիւնս կը խնդրէր: Ինչքան իրմէ խոյս կու տայի, այդքան ինծի կը կառչէր...: Ճարահատ համոզուեցայ, որ այս իրականութենէն փախուստ չկայ եւ շան խնամելու պարտականութիւնն ալ փաթթուեցաւ վիզիս։ Կերակրել, լոգցնել, չորցնել, մազ հաւաքել…: Սկիզբի շաբաթները պատրաստի հատիկներ կ՚ուտէր, բայց տան ճաշերը համտեսելէն ետք, խստօրէն հրաժարեցաւ անոնցմէ: Հոս նշեմ, որ զաւակներս շունը Ճիկի անուանած էին, երբեմն ալ ճիկերօ կը կանչէին:
Ժամանակ մը ետք, Սեւակը իր նոր աշխատանքով Ռիատ մեկնեցաւ: Շողակը՝ դուստրս, գաղթեց Միացեալ Նահանգներ միանալու իր նշանածին, իսկ Դալարը՝ կրտսեր դուստրս, իր պաշտօնով Զահլէ տեղափոխուեցաւ: Կեանքի նոր հանգրուան մը յայտնուեցաւ մեր դիմաց: Ես ու ամուսինս երբեք չէինք պատկերացներ, որ մեր ամբողջական կեդրոնացումը հանդիսացող զաւակները, մեր ամէնէն սիրելի էակները, կեանքին իմաստ պարգեւողները, օր մը պիտի հեռանային մեզմէ: Ճիկին ալ մասնակից դարձաւ մեր ցաւին:
Զաւակներէս ամէն մէկը, որ տունը կը լքէր, Ճիկին խոր տխրութեան կը մատնուէր, կը կծկուէր, կը փոքրանար, ախորժակը կը նահանջէր եւ առաւել ինծի եւ ամուսինիս կը կառչէր: Ցերեկը կողքէս չէր հեռանար, երբ ուրախ էի կ՚աշխուժանար, իսկ երբ տխրէի զաւակներուս կարօտով, թախծոտ աչքերով զիս կը դիտէր: Հետզհետէ Ճիկիին հանդէպ բաւական թոյլատու դարձայ, ան կրնար գիրկս նստիլ, անկողինիս վրայ բարձրանալ, կռնակիս ամուր կպած քնանալ...:
Իմ եւ ամուսինիս նախասիրութիւնն էր Կիրակի առաւօտները քալել Պէյրութի արեւմտեան ծովափին՝ Մանարա- Ռաուշէ շրջանը: Ճիկին դարձաւ մեր ընկերակիցը, Թէեւ ինք մանրակազմ շուն էր, բայց հսկայ շուներուն վրայ կը հաջէր, անոնց մօտենալ կը փորձէր, աջ ձախ ճամբուն կեղտերը կը հոտոտար…։ Ամէն Կիրակի կ՚որոշէի, որ սա վերջին անգամն է, որ զինք հետս կը վերցնեմ, բայց խիղճս չէր ներեր...:
Շողակին հարսանեկան թուականը յստակացաւ, պէտք էր մեկնէինք Ամերիկա: Միտքիս մէջ հազար բան կար լրացնելիք, սակայն ամէնէն մեծ մտահոգութիւնս Ճիկիին հոգածութիւնն էր։ Որո՞ւն վստահիլ ո՞ւր տեղաւորել...: Փորձառուներու խրատներէն օգտուելով, որոշեցինք զինք տեղաւորել «Մամալիա ապաստանարանը»: Որովհետեւ ան պատրաստի հատիկներ չէր ուտեր, եւ մենք մօտաւորապէս քառասուն օր պիտի բացակայէինք, հետեւաբար մեծաքանակ ճաշ պատրաստեցի, քառասուն մասերու բաժնեցի, սառեցուցի եւ յանձնեցի ապաստանարանին խոհանոցին:
Տնօրէնին «կոկիկ» գումար մը վճարեցի փոխան կեցութեան, իսկ աշխատաւորներուն նիւթական նուէրներ տուի, խնդրելով, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձնեն Ճիկիին։ Ապաստարանէն դուրս ելայ, սիրտիս վրայ քար ծանրութիւն…:
Պատմելու համար, թէ վերադարձիս ի՞նչ վիճակի մէջ գտայ Ճիկին, կ՚ուզեմ նախ երկա՜ր շունչ մը առնել:
Բ Մաս
Ոեւէ անձ կրնայ հարց տալ, թէ այսօր՝ տարիներ ետք, ինչո՞ւ կը պատմեմ այս բոլոր մանրամասնութիւնները: Ոմանց համար նոյնիսկ կրնայ անհեթեթ նիւթ մը թուիլ, բայց ինծի համար թանկարժէք հանգրուանի մը յիշողութիւններն են, որուն մէջ Ճիկին իր «ակնառու» ներկայութիւնը ունէր: Ամէնօրեայ դրութեամբ կը քալեմ Կլէնտէյլի լեռնային շրջանը: Կրնամ ըսել, որ բնութիւնը եւ կլիման հրաշալի են, բայց ամայութիւնը՝ խեղդող: Միակ տեսանելի եռուզերը՝ շուն պտտցնողներն են: Շուները ընդանհրապէս բարի եւ մարդամօտ են: Ժպիտով կը դիմաւորեմ զիրենք, բայց կը յուզուիմ, երբ մեր Ճիկիին նմանին (Mini pincher-Chiwawa) հանդիպիմ:
Վերադառնանք դէպի՝ Յունիս 2009, երբ Ճիկին տեղաւորեցի ապաստանարան եւ ես, ամուսինս ու Դալարը, մեկնեցանք Ամերիկա: Դստերս՝ Շողակին եւ Գուրգէնին հարսանիքը դարձաւ ոսկեայ առիթ մը վերամիացնելու Լիբանանի պատերազմին պատճառով հեռացած մեր ազգականներն ու բարեկամները։ Ամէնօրեայ հաւաքներ կազմակերպուեցան, որոնք կը յիշեցնէին հեքիաթային հարսանիքներուն քառասնօրեայ խնճոյքները։ Այդ բոլոր ճոխութեան մէջ Ճիկիին բացակայութիւնը կը զգայի։ Ան որեւէ ատեն կը յայտնուէր միտքիս մէջ եւ տրամադրութիւնս անկում կ՚արձանագրէր։ Վերջապէս վերադարձանք Պէյրութ, ես ու ամուսինս փութացինք դէպի Ճիկիին ապաստանարանը:
-Կարօ՛, կարծես ճամբան երկարեցաւ: Անհամբեր եմ տեսնելու Ճիկին։ Արդեօք ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորէ մեզ: Կը յիշե՞ս, Սեւակը ութ ամիս բացակայութենէն ետք, երբ Ռիատէն տուն վերադարձաւ, ան տակաւին շէնքին մուտքին էր, իսկ Ճիկին վեցերորդ յարկը քնացած էր իր կղպուած տնակին մէջ. յանկարծ արթնցաւ, տարօրինակ ճիչեր արձակեց:
Զգալով Սեւակին գալուստը, մարմինը այնպէս ուժգին թափահարեց, որ տեղաշարժեց տնակը եւ հասցուց մինչեւ դրան մուտքը: Ինչքա՜ն յուզիչ տեսարան էր, երբ Սեւակը գրկեց զինք, շուարած էր, թէ ի՞նչ ընէր...: Սեւակին լզեց ու լզեց, մէյ մը գիրկին վրայ ցատկռտեց մէյ մը գլխուն վրայ բարձրացաւ:
Վերջապէս հասանք Ճիկիին: Քար անշարժութիւն եւ անտարբերութիւն: Գրեթէ անճանաչելի դարձած էր, նիհարցած, կմախացած եւ հազիւ ափ մը մնացած: Չիմացայ, եթէ մեզ ճանչցաւ կամ ոչ: Մեծ յուսախաբութեամբ՝ ճղճիմ Ճիկին տարինք տուն: Օգոստոսի կիսուն մարմինը կը դողար, կը հեւար, ոտքերը կը պրկուէին...: Մինչ թաթերը կը շոյէի, տեսայ փոքր հատուած մը, ուր մազերը ածիլուած էին: Պատկերը յստակ էր, որ ապաստարանին անասնաբոյժը երակէն հեղուկ սնունդ եւ թմրեցուցիչ ներարկած էր, որպէսզի փրկէր զինք սատկելու հաւանականութենէն: Յուսալքուած Ճիկին հրաժարած էր ուտել-խմելէն...:
Բարեբախտաբար տան մթնոլորտը եւ ճաշերը շատ արագ «վերակենդանացուցին» զինք: Հայրս յաճախ ժողովրդական ասացուածք մը կը կրկնէր. « Շատ մի՛ սիրեր ատել կայ, շատ մի՛ ատեր սիրել կայ»: Ես, որ տանս մէջ շուն պահելու գաղափարը մերժելով մերժած էի, այժմ կը տագնապէի շանս՝ Ճիկիին, կրկին անտէր ու առանձին թողնելու իրականութենէն: Փետրուար 2014-ին պէտք էր կրկին մեկնէինք Ամերիկա, որպէսզի ներկայ գտնուէինք երկրորդ թոռնիկիս՝ Կէրի- Կարոյին մկրտութեան: Ամուսինիս համար այս այցը շատ թանկարժէք էր, առաջին պատճառը՝ թոռնիկը իր անունը կը կրէր, երկրորդ՝ Սեպտեմբեր 2011-էն ան առողջական ծանր պարագաներ կը դիմագրաւէր եւ երկար ատեն հեռու մնացած էր Շողակին ընտանիքէն:
-Սեւա՛կ, տղաս, գիտեմ, որ շատ տարօրինակ պիտի հնչէ ըսելիքս, բայց երկար մտածելէ ետք, այս եզրակացութեան հասայ, որ նախընտրելի է Ճիկին «քնացնենք», քան թէ կրկին ապաստանարան տանինք եւ անասունը տառապանքի ենթարկենք:
-Ո՛չ, մամ, անկարելի է: Սխալ է, նոյնիսկ այդպիսի բան մը մտածելը: Վստահ եղի՛ր, որ ամէնէն աւելի դուն պիտի ցաւիս…։
Մեր մեկնելու թուականը կը մօտենար եւ Ճիկիին հոգածութեան հարցը կը մնար անորոշ: Հետեւաբար Սեւակին ազդու Ե._նամակ (e mail) մը գրեցի...:
Վերջապէ՜ս ան ընդառաջեց աղաչանքիս եւ որոշեց փնտռել ընտանիք մը, որ պատրաստակամ էր որդեգրել Ճիկին:
Ճիկին շուրջ ութ տարի իմ հոգածութիւնս վայելած էր, բնականաբար զինք պատահական մէկու մը պիտի չզիջէի...: Սեւակը դիմատետրի վրայ յայտարարութիւն մը տեղադրեց, որմէ ետք շատեր կապ հաստատեցին եւ փափաք յայտնեցին որդեգրել Ճիկին:
Յստակ էր, որ ոմանք վաճառականներ էին եւ պատրաստ էին շունը խնամելու պատրուակով պիտի վերցնէին ու ծախէին զինք: Օրիորդ մը կը վստահեցնէր, թէ շան հոգ պիտի տանէր, մինչ ան իր տեսքով խնամողի մը կարիքը ունէր:
Պարոն Փիեռը իր երկու զաւակներով ժամանեց մեր տունը: Ճիկին լռիկ- մնջիկ ինքզինք տեղաւորեց տասը տարեկան պատանիին գիրկը: Պատանին եւ Ճիկին իրարմով մաքնիսացած էին:
Պարոն Փիեռը շեշտեց, թէ ինք եւ իր կինը շուն շատ կը սիրեն, իսկ զաւակները՝ Ճիկիին նկարը տեսնելէ ետք, շատ խանդավառուած ու անհամբեր դարձած էին…: Ես ու Սեւակը համոզուեցանք, որ Պարոն Փիեռը՝ վստահելի որդեգրողն էր: Բաժանման պահուն պատահեցաւ զարմանալին: Ճիկին պոչը ճօճելով, առանց աջ ու ձախ նայելու հետեւեցաւ Պարոն Փիեռին ու երեխաներուն…: Այդ պատկերը աչքիս առջեւէն չ՝անհետանար...:
Ինը տարի անցած է այդ օրէն, երբ Ճիկին «կամովին» մեր տան շեմէն հեռացաւ։ Միտքովս յաճախ կը խօսիմ իրեն հետ, առանց իմանալու, եթէ ինք տակաւին կ՚ապրի կամ ոչ:
-Ճիկի՛, գիտե՞ս, որ մեկնելէդ ետք շատ բաներ փոխուեցան մեր տան մէջ: Այլեւս չկան Կիրակնօրեայ ծովեզերեայ պտոյտները: Ան, որ բոլորս իր շուրջ կը հաւաքԷր, ոյժ եւ յոյս կը ներշնչէր, ակամայ հեռացաւ մեզմէ: Բարեկամներ, որոնք մշտական ներկայութիւն էին մեր կեանքին մէջ, մեկնեցան հեռու ցամաքամասեր, իսկ ուրիշներ ալ առ յաւէտ հեռացան այս աշխարհէն: Կը յիշե՞ս մեր պատշգամը, որուն ձողերուն արանքէն կը դիտէիր անցորդները, այսօր այդ ձողերը ծռած են: նաւահանգիստին պայթումով մենք դառնագին եղելութիւններու ականատես դարձանք՝ մահ, քանդում, յուսալքում... եւ մինչեւ օրս ահռելի պայթումին դղրդոցը «չէ լռած»…:
Գիտեմ Ճիկի, որ անհասկնալի են խօսքերս եւ ես միամտաբար քեզի հետ կը կիսեմ այս բոլորը: Երանի կարելիութիւն ըլլար ժամանակին սլաքները ետ դարձնել եւ մենք դարձեալ քալէինք Միջերկրականի ափերը...: Միջերկրականը, որ իր կապոյտով կ՚ապրեցնէ երազներս եւ իր ցօղերով կը մեղմացնէ թէժ կարօտս։
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան