Շատ գեղեցիկ երազ մըն էր՝ եզակիօրէն հոգեպարար ու հաճելի: Ես օրօրոցի մը մէջ պառկած կ՚օրօրուէի: Պարզ օրօրոց մը չէր, որ լարուած կ՚ըլլայ պարաններով ու կտոր մը լաթով, այլ՝ ընդարձակ, կապոյտ ատլասէ վարագոյր մը, որ երկինքէն վար կ՚իջնէր, ապա ետ երկինք կը բարձրանար իր մէջ գրկելով միմիայն իմ փոքրիկ մարմինս: Կապոյտ ատլասին փայլքը աչքերս կը շլացնէր եւ կտաւէն հասնող զովութիւնը դէմքիս մաշկը կը շոյէր, թթուածինով հարստացած թոքերս աննկարագրելի խաղաղութիւն ու երջանկութիւն կ՚ապրէին:
Կէրթմէնեան վարժարանի նախակրթարանի աշակերտուհի էի, երբ այս երազը ապրեցայ եւ զարմանալին այն էր, որ երկնային կապոյտ օրօրոցս կ՚իջնէր մինչեւ Կերթմէնեանին բակը, ապա ետ կը բարձրանար դէպի երկինք: Անջնջելի երազ մը, որ երկար տարիներ մնաց առանց մեկնաբանութեան եւ յաճախ զարթնեցաւ յիշողութեանս մէջ, պարգեւելով նո՛յն զովութեան, խաղաղութեան ու երջանկութեան զգացողութիւնը:
***
Ամենօրեայ դրութեամբ կը քալեմ ու ընթացքին երաժշտութիւն կը լսեմ: Սիրած երգս կրնամ տասը անգամ լսել ու չձանձրանալ: Երկու օր առաջ կը լսէի Վարդան Պատալեանի մեկնաբանութեամբ «Տաղ յայտնութեան» խորագրով գեղեցիկ երգը: Թէեւ երգին բառերը ուղղուած են բանաստեղծին սիրուհիին, բայց երգի ընթացքին յաճախ յիշուող «երազներ կապոյտ»ը յիշեցուց ինծի՝ կէս դարը ամբողջացուցած կապոյտ երազս՝ երկինքէն իջնող ու երկինք բարձրացող կապոյտ ատլասէ օրօրոցս, որ իր մեծութեամբ կը ծածկէր դպրոցիս պատերն ու դարպասը:
Առաջին անգամ ըլլալով յիշողութեանս մէջ բակին պատը ու անոր վրայի պատուհանները «կենդանացան»: Մեր դպրոցին բակը եզերող պատը եւ դրացի շէնքին պատը նոյնն էր: Սարսուռ մը անցաւ մարմնէս եւ ես լսեցի լացի ու ողբի ճիչեր, ապա մահ գուժող վայնասուն: Դրացի տան երիտասարդ հայրը՝ Խաչիկ Մաւլեանը հանկարծամահ եղած էր, իր ետեւը ձգելով բազմանդամ ընտանիքը՝ զաւակները, կինն ու քոյրը: Ես՝ կեանքի խաղերուն անգիտակ պատանուհին, շատ զարմացած ու ցնցուած էի...: Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքոր» ին մահէն ետք առաջին անգամ ըլլալով տեսայ մահուան «իսկական ուրուականը»:
Ահա դպրոցիս դարպասը բաց է եւ խիտ բազմութեան մէջ կը նկատեմ մայրս, որ այլոց նման դուռէն դուրս կ՚ելլէ: Բարկացած եմ շատ. կ՚ուզեմ պոռալ եւ ձայնս հասանելի դարձնել. « Մայրս ո՞ւր կ՚երթաս. ես հո՛ս եմ»: Դժբախտաբար հեռու էի դարպասէն: Մենք՝ հինգերորդ դասարանի աշակերտներս, մեր վկայականներու բաշխման հանդիսութենէն ետք շարուած էինք դարպասին հանդիպակած պատին առջեւ, ընդունելու համար ծնողներուն ու ներկաներուն շնորհաւորանքը:
Բազմաթիւ ձեռնուողները, շնորհաւորական խօսքերը, շռայլ գնահատականները ոչ մէկ նշանակութիւն ունէին ինծի համար, երբ իմ մայրս մեկնած էր առանց սիրալիր խօսքով մը վիզիս փաթթուելու ու այտերս համբուրելու: Ժամանակ մը դժգոհանքս ու վիշտս պատանի ներաշխարհիս մէջ ծաւալեցան, մինչեւ օր մը, երբ ականջիս հասաւ մօրս սրտառուչ խօսքը. «Ես իմ վիճակէս չեմ դժգոհիր, ոչ ալ կը գանգատիմ, բայց անխոհեմ մարդոց հարցումներէն ու խօսքերէն խիստ կը նեղանամ»: Մայրս քաղցկեղով հիւանդ էր ու իր ձախ ձեռքին ծաւալը քառապատիկն էր աջին, հետեւաբար ամբոխէն փախուստ կու տար, որպէսզի չլսէր հարցումներու եւ անհիմն խրատներու տարափը: Միջնակարգի աշակերտուհի էի, երբ կորսնցուցի մայրս, որուն բացակայութեամբ արժեւորեցի անոր անթերի դերը եւ այն բոլոր բաները, որոնք անսակարկ սիրով ու նուիրուածութեամբ կատարած էր ինծի համար: Մօրս կորուստը ճակատագրային բեկում մը բերաւ կեանքիս որակին, իղձերուս ու ապագայի ծրագիրներուս։
Թէեւ երկրորդականի վկայականի հանդէսիս մայրս չկար, բայց օրհնութիւն էր հօրս գորովագութ ներկայութիւնը: Բնաւ չեմ մոռնար, երբ իրեն յատուկ գոհունակ ժպիտով մը գեղեցիկ ոսկեայ մանեակ մը անցուց վիզիս, որուն վրայ փորագրուած էր Էջմիածնի եկեղեցին: Հայրս հարուստ չէր, բայց շատ աշխատասէր էր եւ միշտ մեզի կը զարմացնէր իր առատաձեռնութեամբ: Յաճախ կը կրկնէր. «Աւելի լաւ է տալը, քան թէ առնելը»:
Վարդան Պատալեանին երգը կրկին ու կրկին կը լսեմ ու ամէն անգամ, որ «երազներ կապոյտ»ը կը հնչէ, յիշողութիւն մը կը զարթնի մօտս։ Տարիներ առաջ Վարդան Պատալեանը ելոյթ պիտի ունենար Պէյրութի Մելքոնեան թատերասրահին մէջ։ Ամուսինս՝ Կարօն, հայկական երգերու երկրպագու մըն էր եւ առաւելաբար Վարդանը շատ կը սիրէր: Ելոյթի օրերուն ան վիրահատութենէ մը կ՚ապաքինէր եւ բաւական դժուար կը քալէր: Ես ու աղջիկս շատ մտահոգուած էինք, որ ան ինչպէս պիտի կարենայ Մելքոնեանի աստիճանները բարձրանալ: Չեմ գիտեր կամքի ուժն էր, թէ Վարդանին ու Հայ երգին հանդէպ սէրը, որոնք մղիչ ուժ դարձան, որպէսզի ամուսինս առանց տատանելու, կամ մէկու մը օգնութեան դիմելու, աստիճաններէն ինքնավստահ քայլերով վեր բարձրանայ:
Նման դէպք մը եւս պատահեցաւ 2017- ին, երբ Հայաստան կը գտնուէինք եւ շարք մը վայրերու կողքին այցելեցինք Պանթէոնը: 26 Սեպտեմբեր էր եւ օրը կը համընկնէր Կոմիտասի ծննդեան տարեդարձին: Հազիւ թաքսիէն վար իջանք, մեր ականջին հասաւ «Տէր Ողորմեա» շարականը: Հոծ բազմութիւն մը շրջապատած էր Կոմիտասի դամբարանը եւ յարգանքի աղօթք ու շարական կը մատուցէր: Կարոյին քայլերը շատ ծանրացած էին, քաղցկեղ բուժող դեղերը ոսկորներու ցաւ եւ մկաններու տկարութիւն կը պատճառէին: Կարծես հրաշք մը տեղի ունեցաւ եւ ան մեծ ոգեւորութեամբ ու անթերի քայլերով դէպի «Տէր Ողորմեա»ն ուղղուեցաւ եւ մասնակից դարձաւ երգեցողութեան ու աղօթքներուն:
Նոյնպիսի կամքով ու հաւատքով Սեւանայ լիճին մօտակայ բարձունքին վրայ գտնուող եկեղեցիին աստիճանները բարձրացաւ: Երբ նոյն աստիճաններէն վար կ՚իջնէինք, ես շատ զարմացած էի...
-Սիլվա՛, Աստուծոյ աղօթեցի, որ ինծի կարողութիւն տայ բարձրանալու այս երկար աստիճանները եւ հասնելու եկեղեցւոյ սուրբ խորանին: Հաւատա՛ հրաշք է, որ կատարուեցաւ. ոտքերս «բացուեցան» ու չեն ցաւիր։
«Երազներ կապոյտ»ը անգամ մը եւս հնչեց ու ես վերջապէս կրցայ մեկնել իմ հին երազս՝ կապոյտ ատլասէ օրօրոցս, որ երկինքէն կ՚իջնէր ու ետ երկինք կը բարձրանար։ Օրօրոցս՝ սիրելիներս են, Աստուծմէ շնորհուած երկնային պարգեւներ, որոնք ինծի կեանք տուին ու կեանքիս ընթացքը հարստացուցին իրենց եզակի անձնաւորութեամբ: Սիրելիներուս ներկայութիւնը՝ անապակ կապոյտով պարուրեց կեանքս, խաղաղութիւն ու խինդ պարգեւեց, կենսատու թթուածինով օրերս ոռոգեց...եւ բնութեան որեւէ ժամանակաւոր երեւոյթին նման, անոնք ալ անսպասելի օր մը ակամայ հրաժեշտ տուին ու երկինք բարձրացան, իրենց ետին ձգելով՝ քաղցր յուշեր ու կապոյտ երազներ: