image
Հրատապ լուրեր:

«Կանգնեցուցէ՛ք ատրպէյճանական յարձակումը». բողոքի ցոյց Լոս Անճելըսի մէջ` ի պաշտպանութիւն Արցախի

«Կանգնեցուցէ՛ք ատրպէյճանական յարձակումը». բողոքի ցոյց Լոս Անճելըսի մէջ` ի պաշտպանութիւն Արցախի

Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան շէնքի դիմաց հայ համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի արշաւ իրականացուցած են ընդդէմ Արցախի նկատմամբ վարուող քաղաքականութեան: Տեղեկութիւնը յայտնած է Alpha News–ը։

Բողոքի արշաւը մեկնարկած է հոգեւոր հայրերու օրհնութեամբ եւ ՀՀ օրհներգի հնչիւններու ներքոյ։

Բողոքի արշաւին յաջորդած է երթը, որու ժամանակ մասնակիցները կոչ ըրած են եւ պահանջած Արցախի բնակչութեան համար ապրանքներու առաքումը կազմակերպել օդային փոխադրութեամբ:

Երթի մասնակիցները իրենց ձեռքին ունեցած են «120 000 մարդ շրջափակման մէջ է», «Կանգնեցուցէ՛ք հայոց երկրորդ ցեղասպանութիւնը», «Կանգնեցուցէ՛ք ատրպէյճանական յարձակումը», «Ես Արցախի կողքին եմ յանուն Արցախի», «Բացէ՛ք Արցախը» գրութիւններով ցուցապաստառներ: