Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշել անդրադարձած է Կախովկայի ջրելեկտրակայանի ամբարտակի պայթեցման։
«Ցնցուած եմ ամբարտակի վրայ աննախադէպ յարձակումէն։ Քաղաքացիական ենթակառուցուածքի ոչնչացումը միանշանակ կ'որակուի որպէս ռազմական յանցագործութիւն, եւ մենք պատասխանատւութեան կ'ենթարկենք Ռուսիան եւ անոր խամաճիկները»,- Twitter-ի իր էջին գրած է Միշելը։
Ան տեղեկացուցած է, որ հարցը պիտի քննարկուի յունիսին՝ Եւրոպական խորհուրդին մէջ, եւ Եւրոպական Միութիւնը լրացուցիչ օգնութիւն պիտի առաջարկէ տուժած շրջաններուն։