Հանրապետութեան օրուան նուիրուած զօրահանդէսին ներկայացուած է 7 երկրի արտադրութեան սպառազինութիւն եւ ռազմական սարքեր, յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընդգծելով, որ բանակը կը ներկայանայ նոր սպառազինութեամբ, համազգեստով եւ գաղափարաբանութեամբ։
«Այդ գաղափարաբանութեան առանցքը հետեւեալն է՝ բանակի միակ խնդիրը ՀՀ միջազգայնօրէն ճանաչուած, ինքնիշխան տարածքի պաշտպանութիւնն է եւ մեր բանակը պէտք չէ կիրառուի Հայաստանի միջազգային տարածքից դուրս, բացառութեամբ՝ միջազգային պայմանագրերի հիման վրայ իրականացուող խաղաղապահ առաքելութիւնների»,-ըսած է Փաշինեանը։
Վարչապետի խօսքով՝ սպառազինութիւններու միջազգային շուկան բացուած է Հայաստանի համար 2022 թուականի Պրահայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն ետք, երբ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ ճանչցան իրար տարածքային ամբողջականութիւնը։
Փաշինեանը նաեւ նշած է, որ 2022-էն ի վեր կառավարութիւնը շուրջ 170 միլիառ դրամի ներդրում կատարած է ռազմարդիւնաբերական համալիրի մէջ։