Կասկածէ վեր է, որ Ուքրայնայի բանակը՝ մասնաւորապէս կարգ մը սահմանամերձ հատուածներուն մէջ, մեծ նահանջներու դէմ յանդիման է։
Ուքրայնայի տարածքին մէջ ռուսական զօրքը ո՛չ միայն յաջողութիւններու կը հասնի, այլեւ իր տիրապետութեան տակ կ՚առնէ ռազմավարական նշանակութեամբ շրջաններ։ Սա կու գայ նոր սկիզբ մը բնորոշել ռուսական զօրքերու յաջողութիւններուն։
Արեւմուտքը, որ ակնդէտ կը հետեւի Ուքրայնայի ճակատի իրադարձութիւններուն։ Ան թէեւ կ՚ուզէ յաւելեալ օգնութիւն հասցնել Ուքրայնային, սակայն Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի պարագային կան այնպիսի ճնշիչ հանգամանքներ, որոնք այդ երկիրները ետ կը պահեն յառաջապահ դիրք գրաւելէ։ Ըստ երեւոյթին, Ուքրայնայի համար վերջին յոյսը կամ փրկութեան լաստը կը շարունակէ մնալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ուր նոյնպէս երեւելի սկսած են դառնալ ներքին օրակարգի բազմապիսի խնդիրներ։ Կազզէի պատերազմէն սկսեալ, մինչեւ նախագահական ընտրութիւններու մեծ օրակարգը՝ ԱՄՆ պիտի փորձէ ամէն գնով խուսանաւել ու հրապարակ նետել «կ՚օգնեմ, սակայն պատրաստ չեմ փրկելու» աշխատելաոճը։ Ի հարկէ, այստեղ բոլոր կողմերը կը սպասեն աշնան ընտրութիւններու արդիւնքին ու այս կէտին վրայ երեւելի կը դառնայ Ռուսաստանի սպասողական խաղը, որ այս օրերուն մեղմացուցած է ԱՄՆ-ի նկատմամբ իր թշնամական հռետորաբանութիւնը։
Միեւնոյն ժամանակ, աւելի քան յստակ է, որ Կազզէի պարագային նման՝ Ուքրայնայի ճակատի պարագային ալ հիմնական բոլոր խաղացողները կը սպասեն ո՛չ թէ բեկումնային վիճակ ստեղծելիք փոքր յաղթանակներու, այլ կը յուսան, թէ Ուքրայնա յաջողութեամբ կը դիմակայէ Ռուսաստանի զօրքերուն, նաեւ կը կարողանայ դարձեալ նոր տինամիզմով մը անցնիլ հակագրոհի։ Այստեղ արդէն իսկ շատ բան երեւելի կը դառնայ, որովհետեւ մինչեւ մօտաւոր անցեալը խաղի կանոնները՝ մանաւանդ նախաձեռնութիւնը Ուքրայնային կը պատկանէին, սակայն, այսօր ստեղծուած պատկերը ճիշդ հակառակն է։ Ռուսաստանի նախագահը, որ բաւական ինքնավստահ կերպով պիտի նետուի ընտրութեան, անշուշտ, կ՚ակնկալէ, որ իր բանակը աւելիով յառաջանայ, որպէսզի արձանագրուելիք առաւելութիւնները վերածուին մեծ յաղթանակի մը։ Այս բոլորէն անդին, ուշագրաւ է, անշուշտ, հետեւիլ Ուքրայնայի բանակին եւ անոր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կացութեան՝ հասնելու համար իրապաշտ եզրակացութիւններու։
Նոյն ծիրէն ներս եւ հաշուի առնելով Ուքրայնայի պատերազմին արդէն երրորդ տարին թեւակոխած ըլլալու ընդհանուր հոլովոյթը՝ արաբատառ «Ալ Շարք Ալ Աուսաթ» պարբերականը ուշագրաւ եւ ծաւալուն հարցազրոյց մը կատարած է Անգլիոյ բանակի վեթերան, ռազմական փորձագէտ Կլէն Կրանթի հետ, որ ներկայիս կ՚աշխատի Ուքրայնայի մէջ՝ որպէս անվտանգութեան ու պաշտպանութեան հարցերու փորձագէտ եւ դասախօսութիւններ կու տայ բանակայիններուն։ Ան Անգլիոյ բանակին 37 տարի ծառայելէ ետք թոշակի անցած է ու նուիրուած՝ ռազմական պաշտպանութեան բարեփոխումներու։ Կլէն Կրանթի հարցազրոյցի ընթացքին իսկապէս շահեկան նիւթեր արծարած է։ Ահա՛ իր առաջին դիտարկումները.
«Ինչ կը վերաբերի Ուքրայնայի բանակի ներկայ վիճակին, նախ անդրադառնամ Զելենսքիի վերջերս կատարած նոր հրամանատարի նշանակումին: Ես լուրջ կասկածներ ունիմ այս պարագային։ Ալեքսանտր Սերսքի կը պատկանի Սովետական ռազմական դպրոցին՝ իր նախորդին նման: Սակայն Սերսքիի շրջապատէն որոշ մարդիկ կը կարծեն, թէ ան աւելի առիթ պիտի տայ հրամանատարներուն՝ պատերազմելու իրենց հայեցողութեամբ: Յամենայնդէպս, այս նշանակումը եղած է քաղաքական որոշումով եւ հարցեր կը յառաջացնէ, թէ արդեօք ան պիտի կարողանա՞յ Զելենսքիի պահանջին ընդառաջ երթալ ու առաջնագիծը պահպանել։ Քաղաքական ղեկավարութեան պահանջները մարտահրաւէրներ պիտի ըլլան Սերսքիի համար եւ հաւանական է, որ ան չկարենայ կատարել իր լաւագոյնը՝ քաղաքական պատուէրներու ենթարկուելու պատճառով։ Քաղաքական միջամտութիւնները Ուքրայնայի բանակին կրնայ ժխտական ազդեցութիւն կրնան գործել, որովհետեւ Ուքրայնայի քաղաքական ղեկավարութիւնը այնքան ալ տեղեակ չէ ռազմական իրավիճակէն։ Հակառակ այս մտահոգութիւններուն, Սերսքի թերեւս արդարացնէ ակնկալութիւնները եւ Ուքրայնայի բանակը հասնի դրական արդիւնքներու»։
Փորձագէտը կը մատնանշէ, որ ներկայիս Ուքրայնայի բանակի աջակցութիւնները կը նուազին։ Զելենսքի խորհրդարանին մէջ քայլեր չ՚առներ՝ զօրահաւաք հռչակելու անհրաժեշտ օրէնքները ընդունելու համար։ Ան կը խուսափի երկրին մէջ խառնաշփոթ յառաջացնելէ՝ յատկապէս, որ ընտրութիւնները մօտ են եւ ինք կը ձգտի վերընտրուելու։
«Ուքրայնացիներու առաջնագիծը պահպանելու յամառութիւնը եւ կորուստներ կրելը՝ առանց կայուն մատակարարման ռազմավարութեան, սպառնալիք է երկրի ապագային համար: Իրավիճակը կը պահանջէ պատերազմի կապակցութեամբ Ուքրայնայի մօտեցման փոփոխութիւնը: Միայն սովորական հակայարձակման ապաւինելու փոխարէն՝ կարելի է որդեգրել աւելի ճշգրիտ ռազմավարութիւն մը: Հետեւաբար, այս մարտահրաւէրները դիմակայելու համար պէտք է աւելի ճշգրիտ ռազմական ծրագիր մը», համոզուած է Կլէն Կրանթ։
Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանին, ապա ան աստիճանաբար կը գրաւէ Ուքրայնայի տարածքները՝ օգտուելով իր քանակէն եւ նախկին փորձառութիւններէն: Անգլիացի փորձագէտը կը դիտարկէ, որ ռուսական կողմը կը թիրախաւորէ Ուքրայնայի այն տարածքները, ուր պաշտպանութիւնը տկար է: Այս մօտեցումը կը ստիպէ, որ Ուքրայնայի պահեստային ուժերը տարածուին գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ վերահսկողութիւն պահպանելու համար՝ ինչպէս տեսանք Պախմուտի մէջ, ուր ուքրանացիները զգալի կորուստներ կրեցին։
Ի դէպ, Կլէն Կրանթ մատնանշած է նաեւ Տանըլտ Թրամփի վերջին յայտարարութիւնը, ըստ որու, նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի խրախուսէ Ռուսաստանը, որպէսզի յարձակի ՆԱԹՕ-ի անդամ այն երկիրներուն վրայ, որոնք չեն կատարեր դաշինքին համաձայնեցուած վճարումները։ Սա կը համարուի բաւական վտանգաւոր: Եթէ Թրամփ նախագահ ընտրուի, ապա իր վարչակազմին կողմէ Ուքրայնան պիտի լուսանցքայնացուի: Եւ վտանգը պիտի ծաւալւի Ուքրայնայէն անդին՝ ընդգրկելով ամբողջ Արեւմուտքը: Թրամփի այս յայտարարութիւնները կանաչ լոյս կը համարուին Փութինին՝ հնարաւորութիւն ստեղծելով, որ ան ապագային յարձակի այլ երկիրներու վրայ։ Այս յայտարարութիւնները ո՛չ միայն անհաւատալիօրէն անհեթեթ են, այլեւ սպառնալիք՝ արեւմտեան քաղաքակրթութեան համար, ինչպէս նաեւ Թայուանի, Ճաբոնի եւ այլ երկիրներու տեսակէտէ։ Թրամփ պիտի քանդէ արեւմտեան համակարգը՝ առանց առաջարկելու առարկայական այլընտրանք մը եւ ան այս բանը կ՚ընէ պարզապէս դրսեւորելու իր անձնական ուժն ու եսը։ «Մեզի պէտք է ԱՄՆ-ի նախագահ մը, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրները որեւէ յարձակումէ պաշտպանէ Իրանի կամ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ եւ կամ այլ հաւանական սպառնալիքներէ, միեւնոյն ժամանակ, Չինաստանին պատգամելով, որ սադրանքներու պիտի չհանդուրժուին: Թրամփի վերջին յայտարարութիւնները լրջօրէն կը սպառնան քանդել ամբողջ աշխարհի համակարգը», համոզուած է անգլիացի փորձագէտը։
Այս բոլորէն վերջ, հարցազրոյցին մէջ նշուած է, որ եթէ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին կողմէ հաստատուի Ուքրայնայի համար նախատեսուած 60 միլիառ տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւնը, ապա սա լիովին ձեռնտու պիտի ըլլայ եւ մեծ հաւանականութեամբ Ուքրայնային հնարաւորութիւն ընձեռէ՝ պահպանելու պաշտպանական առաջնագիծը: Փութին արդէն սկսած է համաշխարհային երրորդ պատերազմին ու ներկայիս հիմնական հարցն է, որ արդեօք կարելի պիտի ըլլա՞յ կանխել ռուսերը, որպէսզի չմտնեն լայնածաւալ հակամարտութեան մը մէջ։ Եւ միակ կողմը, որ կրնայ այս բանը արգիլել՝ ԱՄՆ-ն է։ Եթէ Ռուսաստան շարունակէ իր պատերազմը, ապա համաշխարհային հետեւանքները սարսափելի պիտի ըլլան ու հաւանական է, որ Չինաստանն ալ դասեր քաղէ այդ իրավիճակէն: ԱՄՆ միակ երկիրն է, որ ընդունակ է օգնելու Ուքրայնայի պատերազմական յաղթանակին։ Բայց պէտք է յիշել նաեւ, որ Հնդկաստանն ալ ունի անհրաժեշտ սարքաւորումները, զինամթերքն ու ներուժը՝ էականօրէն աջակցելու Ուքրայնայի յաղթանակին: Հնդկաստան ունի կարողութիւնը նշանակալի օգնութիւն ցուցաբերելու Ուքրայնային:
«Որպէս բրիտանացի՝ ես շատ հպարտ եմ այն հսկայական օգնութեան համար, որ մինչեւ այսօր Անգլիոյ կողմէ մատուցուած է Ուքրայնային: Մեր բանակին համար մարտահրաւէր է սահմանափակ ռազմական միջոցներով դիմանալ՝ թէեւ մենք դեռ կը շարունակենք փնտռել մատակարարումներ այլ երկիրներէ», նշած է վերլուծաբանը՝ մատնանշելով, որ Անգլիոյ կառավարութիւնն ու խորհրդարանը մեծ ճկունութիւն ցուցաբերած են եւ իրենց վերաբերմունքով ի յայտ բերած են յարմարուելու ընդունակութիւն։
Սագօ Արեան
Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն / Պոլիս