image

Կ՚ակնկալենք Հայաստանի եւ Սլովենիոյ միջեւ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդում. Արարատ Միրզոյեան

Կ՚ակնկալենք Հայաստանի եւ Սլովենիոյ միջեւ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդում. Արարատ Միրզոյեան

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան X-ի իր էջին գրառում կատարած է՝ Հայաստանի եւ Սլովենիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի կապակցութեամբ։

«Կ'ակնկալենք Հայաստանի եւ Սլովենիոյ միջեւ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդում՝ համատեղ ջանքերու եւ նոր նախաձեռնութիւններու միջոցով»,- նշած է Միրզոյեան:

Արտաքին գործոց նախարարութեան X-ի միքրոպլոկի գրառման մէջ նշուած է, որ երկու երկիրները կառուցած են ամուր համագործակցութիւն՝ հիմնուած ընդհանուր արժէքներու, ժողովրդավարական սկզբունքներու, խաղաղութեան մէջ ունեցած ներդրման եւ Հայաստան-Սլովենիա-Եւրոպական Միութիւն աւելի սերտ գործընկերութեան տեսլականի վրայ: