Արեւմտահայերէնի վերածուած այս հարցազրոյցը ունի կարեւոր նշանակութիւն՝ ներկայացնելով, թէ ինչպէ՞ս խոշոր ընկերութիւնները, մասնաւորաբար Զանգեզուրի Պղնձամոլիպտենային Կոմբինատը, կրնայ լծուիլ ջերմուժի (էնէրգիա) խնայողութեան՝ տնտեսական, բնապահպանական եւ ընկերային նպատակներու իրականացման համար։ Նիւթը ցոյց կու տայ, որ կայուն զարգացումը եւ «Կանաչ տնտեսութիւն»ը ոչ միայն ընկերութիւններու մրցունակութեան երաշխիքն են, այլեւ երկրի երկարաժամկէտ շահի ու բնապահպանական պատասխանատուութեան կարեւոր բաղադրիչ։
Ստորեւ՝ Զանգեզուրի Պղնձամոլիպտենային Կոմբինատի (ԶՊՄԿ) կայուն զարգացման տնօրէն Արմէն Ստեփանեանի տուած հարցազրոյցը Banks.am կայքին։
-Պարոն Ստեփանեան, ԶՊՄԿ-ը Robust Armenia 2025 համաժողովի գործընկերն է, որ տեղի ունեցաւ 12 Նոյեմբերին։ Այս տարի համաժողովի խորագիրն էր՝ «Արդիւնաւէտութիւնը՝ Հայաստանի էներգետիկ (ջերմուժային) անվտանգութեան բանալին»։ Ի՞նչ կը կարծէք՝ Հայաստանի մէջ կը գիտակցի՞ն ջերմուժի արդիւնաւէտ օգտագործման կարեւորութեան մասին։
Ջերմուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը (Էներգաարդիւնաւէտութիւնը) տարեցտարի յաւելեալ նշանակութիւն կը ստանայ եւ կայուն զարգացման հիմնական բաղադրիչներէն մէկն է՝ միաժամանակ նպաստելով տնտեսական, բնապահպանական եւ ընկերային նպատակներու իրականացման։ Յատկապէս եթէ խօսինք հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մասին, ապա վերջինս աշխարհի մէջ ամենէն աւելի ջերմուժ ի օգտագործման ոլորներէն մէկն է, եւ այս պատճառով անոր (ջերմուժի) արդիւնաւէտութիւնը այստեղ ունի առանձնայատուկ դեր։ Այլեւս կարելի չէ անտեսել ջերմուժի խնայող եւ միաժամանակ արդիւնաւէտ օգտագործման հարցը։
Օրինակ՝ հումքի հանման, փոխադրութեան եւ վերամշակման գործընթացները չափազանց ծախսալից են (ջերմուժի օգտագործման տեսակէտէն) եւ կը կազմեն հանքարդիւնաբերական ծախսերու մեծ մասը։ Այնուհետեւ՝ այս ոլորտներու բարելաւումը կարեւոր է ոչ միայն տնտեսական, այլ նաեւ բնապահպանական տեսանկիւնէն։ Միջոցներու խնայումը եւ նուազեցումը կը նշանակէ նաեւ արտանետումներու նուազացում, ինչը համաշխարհային մակարդակով առաջնահերթութիւն է։ Կարելի է բազմաթիւ օրինակներով ցոյց տալ էներգաարդիւնաւէտութեան ու բնապահպանութեան սերտ կապը։
Ի վերջոյ, յստակ է արդէն, որ խոշոր նախաձեռնութիւններու խնայողական մեթոտները շահութաբեր են, եւ կարեւոր՝ միջազգային չափանիշներու համապատասխանութեան տեսակէտէն։ Իսկ հանրային վերաբերումը ջերմուժի օգտագործման մշակոյթին՝ անշուշտ աւելի երկարատեւ աշխատանք կը պահանջէ՝ մտածողութիւնը դարձնելու աւելի գիտակցուած ու խնայող։
-Իսկ եթէ խօսինք միայն ԶՊՄԿ-ի մասին, ապա վերջին տարիներուն ի՞նչ քայլեր են առնուած ջերմուժի խնայողութեան բարձրացնելու ուղղութեամբ, եւ ի՞նչ է նախատեսուած ապագայի համար։
Ինչպէս նշեցի, մեր ոլորտին մէջ մշտական աշխատանք կը տարուի աւելի արդիւնաւէտ ե միջոցներու (խնայողութեան տեսակէտէ) անցումի համար։ Կայուն զարգացման մեր ռազմավարութեան մէկ մասը ջերմանոցային կազերու արտանետումներու նուազեցումն է, եւ այս ուղղութեամբ մշակած ենք քանի մը երկարաժամկէտ ծրագրեր՝ ներառեալ վերականգնուող ջերմուժի աղբիւրներու անցումը, ապագային՝ ելեկտրական ինքնաշարժներու թուաքանակի աճը, նոր լուծումներու ներդրումը։
Կարեւոր կը համարեմ նաեւ համայնքային ծրագրերը։ Մեր ազդակիր համայնքներէն՝ Սիւնիք համայնքին մէջ ԶՊՄԿ-ի միջոցներով տեղադրած ենք արեւային կայաններ եւ ջրատաքացուցիչներ մօտ 200 ընտանիքի համար՝ հսկայական աջակցութիւն է այս մէկը:
Պէտք է շեշտեմ նաեւ, որ հանքարդիւնաբերութիւնը լուրջ դեր ունի դէպի «կանաչ ջերմուժ» անցման մէջ։ Շատ երկիրներ հանքարդիւնաբերութիւնը եւ մետաղներու մատակարարման շղթան կը ներառեն իրենց կայուն զարգացման ու ջերմուժի ռազմավարութիւններուն մէջ, որովհետեւ «կանաչ ջերմուժ» առանց մետաղներու չի կրնար գոյութիւն ունենալ։ Հայաստանը այս առումով ունի մեծ, դեռ ամբողջովին չօգտագործուած ներուժ։
-Իսկ ի՞նչ կարող էք ըսել մեր հասարակութեան մօտեցումներուն մասին կապուած՝ կայուն զարգացման եւ «կանաչ տնտեսութեան» հարցերուն։
Կարծեմ գիտակցումը աստիճանաբար կը բարձրանայ։ Ասիկա ե՛ւ անհրաժեշտութիւն է, ե՛ւ անխուսափելիութիւն, ու նաեւ շահաւէտութիւն՝ երկարաժամկէտ լուծումներ ունենալու պարագային։
Իհարկէ՝ գործընթացը համատարած չէ, եւ ընելիք շատ կայ։ Խոշոր ընկերութիւնները, որոնք կ՚աշխատին միջազգային շուկաներու հետ, աւելի արագ կը յարմարին, քանի որ մրցունակ մնալու համար պարտադիր է որոշակի չափանիշներու ներդրում։
Բայց ճնշումը պէտք է գայ նաեւ երկրի ներսէն՝ կարգաւորումներու եւ օրենսդրական փոփոխութիւններու միջոցով։ Կու գայ այն պահը, երբ վերաբնորոշումը այլեւս ընտրանք չէ, այլ կենսական անհրաժեշտութիւն՝ միջազգային շուկայէն դուրս չմնայելու համար։ Շատ մը նախաձեռնութիւններ այսօր չեն հասցներ ներդնել կայուն զարգացման համակարգեր ու շուկային մէջ կը կորսուին։ Այս առումով հայկական շուկան կարիքն ունի լուրջ նեցուկի։
-Վերջերս «Հայաստանի Հանքարդիւնաբերութեան Ֆորումի» ընթացքին ԶՊՄԿ-ը ներկայացուց 2024 թուականի կայուն զարգացման հաշվետուութիւնը։ Ինչպէ՞ս այդպիսի հաշվետւութիւնները կը շահագործուին ընկերութեան առօրեայ աշխատանքի մէջ։
Նախ՝ կայուն զարգացման հաշվետուութիւնը արդէն միջազգային շուկայի համար պարտադիր պահանջ է։ Բայց զուտ գործնական իմաստով՝ այս ամենամեայ աշխատանքը մեզ հնարաւորութիւն կու տայ հետեւելու, գնահատելու եւ համեմատելու բնապահպանական, ընկերային եւ կառավարչական ոլորտներու մէջ մեր առաջընթացն ու բացթողումները՝ յաջորդ տարուան համար ճշգրտումներ կատարելու նպատակով։
-Դուք ըսած էիք, որ հաշուետուութիւնը «ներառած է նաեւ մեր բացթողումները»։ Որո՞նք են այդ բացթողումները եւ ինչպէ՞ս կրնան սրբագրուիլ։
Բացթողումներ միշտ ալ կան, մանաւանդ երբ գործ ունինք աւելի քան 70 տարուայ պատմութիւն ունեցող ձեռնարկութեան հետ։ Շատ նոր կառավարչական, բնապահպանական եւ ընկերային համակարգեր կը ներդրուին, եւ առկայ հին խնդիրները լուծելու համար ժամանակ պէտք է։ Անցեալ տարի ընդունուեցան ընկերութեան նոր քաղաքականութիւններ, բայց ամբողջական ներդրումը դեռ կը պահանջէ համառ եւ երկարաշունչ աշխատանք։
Բաւարարուած չենք նաեւ առողջապահութեան եւ անվտանգութեան մշակոյթի ներդրումով՝ քանի որ տակաւին միջադէպեր կը գրանցուին։ Բայց այս բոլորը բնական են. կայուն զարգացումը մշտական թարմացում եւ շտկումներ կը պահանջէ։ Չկայ ընկերութիւն, որ կրնայ ըսել՝ «սրբագրելու բան չունիմ»։ Ի վերջոյ շարունակական կատարելագործումը զարգացման հիմնական շարժիչն է։