Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէն շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած քաղաքական ուժը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրած յաջողութեան առիթով։ Վրաստանի վարչապետը այդ մասին գրառում կատարած է X ընկերային ցանցի հարթակին վրայ։
«Սրտանց կը շնորհաւորեմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընտրութիւններուն իր կուսակցութեան արձանագրած յաջողութեան առիթով։ Անհամբեր կը սպասեմ մեր սերտ համագործակցութեան շարունակութեան՝ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնն ու բարեկամական յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդներու բարգաւաճումը խթանելու նպատակով»,– գրած է Վրաստանի վարչապետը։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները։ 110 ընտրատեղամասերու քուէներու հաշուարկով՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է ձայներուն 57.14 առ հարիւրը։