image

«Սեպտեմբերեան պատերազմ»ի հետեւանքով նահատակուած հայ զինուորներու թիւը անցաւ 200-ը

 «Սեպտեմբերեան  պատերազմ»ի  հետեւանքով  նահատակուած  հայ զինուորներու թիւը  անցաւ  200-ը

Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ շղթայազերծուած եւ երեք օր տեւած պատերազմին հետեւանքով հայկական կողի զոհերուն եւ կորսուած զինուորներուն թիւը հասած է 207-ի։

 Նշենք, որ այս մասին այսօր յայտարարուած է Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին աւարտին, որուն նախագահած է Նիկոլ Փաշինեան։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորուած են 293 զինուորներ։ 

 

 Առկայ են փաստեր հայաստանցի գերեվարուած կամ զոհուած զինծառայողներուն ատրպէյճանցիներու կողմէ խոշտանգումներու ենթարկելու, անդամահատելու եւ սպաննելու վերաբերեալ:

Յայտարարության մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ թիրախաւորուած են 36 բնակավայրեր՝ Գորիս, Սիսիան, Կապան, Ջերմուկ, Վարդենիս, Տեղ, Գեղամասար համայնքները, որուն հետեւանքով մասնակի կամ ամբողջական աւերուած են 192 տուն, 3 հիւրանոց, 2 դպրոց, 1 բժշկական հաստատութիւն, 1 հանդիսութիւններու սրահ, 4 անասնագոմ: Վնասուած է 7 ելեկտրական կառոյց , 5 ջրային ենթակառոյց , 3 կազային կէտ, 1 կամուրջ, 2 ճանապարհ եւ 1 փողոց: Թիրախաւորուած են 2 շտապօգնութեան մեքենա, 4 անձնական օգտագործման ինքնաշարժ։

 

 Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան ժամերու կտրուածքով եւ մինչեւ այս պահը սահմանային  ամբողջ գօտիի երկայնքին անդորրը կը շարունակուի։