Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան որոնողափրկարարական աշխատանք իրականացնողները նախօրէին 3 զոհուած զինծառայողի աճիւն դուրս բերած են, երկուքը՝ Ջապրայիլի, մէկն ալ Մարտունիի ուղութենէն: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը։
«Այս պահին որոնողական աշխատանքները շարունակւում են Ֆիզուլիի եւ Մարտունու ուղղութեամբ, դեռ պարզ չէ Հատրութի տարածքում որոնողական աշխատանքներ կը սկսուեն, թէ ոչ»,- աւելցուցած է Թադեւոսեանը:
Մինչ օրս ընդհանուր առմամբ յայտնաբերուած է 1138 աճիւն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել