image
Հրատապ լուրեր:

Աւստրալիոյ լողափին մէջ հրաձգութիւն. զոհերու թիւը հասած է 16-ի․ կասկածեալները հայր եւ որդի են

Աւստրալիոյ լողափին մէջ հրաձգութիւն. զոհերու թիւը հասած է 16-ի․ կասկածեալները հայր եւ որդի են

Սիտնիի լողափին մէջ կատարուած հրաձգութեան զոհերու թիւը հասած է 16-ի, 42 մարդ տեղափոխուած է հիւանդանոց։ Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը:

Նոր Հարաւային Ուելսի վարչապետ Քրիս Մինսը յայտարարած է, որ դեկտեմբեր 14-ին Սիտնիի Պոնտի լողափին մէջ իրականացուած ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով զոհուած է 16 մարդ։ Ան նշած է, որ զոհուածները 10-էն մինչեւ 87 տարեկան էին։

Երկու յարձակողներէն մէկը սպանուած է, միւսը կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ, վիճակը կայուն է։

Նոր Հարաւային Ուելսի ոստիկանութեան պաշտօնեայ Մել Լենիոնը յայտարարած է, որ ոստիկանները չեն փնտռեր երրորդ կասկածեալ։

«Կրնամ ըսել, որ մենք ուրիշ յանցագործ չենք փնտռեր։ Երէկուան միջադէպին մասնակցած է երկու յանցագործ», - ըսած է Լենիոնը։

ABC հեռուստաալիքի աղբիւրներու տուեալներով՝ լողափին մէջ յարձակողները եղած են 50-ամեայ հայրը եւ 24-ամեայ որդին։ Ըստ լրատուամիջոցներու, անոնցմէ մէկուն անունը Նավիտ Աքրամ է։

Ոստիկանութեան պաշտօնեան նաեւ յայտնած է, որ դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած է երկու «սովորական» պայթուցիկ սարք, որ գործի չէ դրուած։

Ինչպէս հաղորդուած է, գնդակոծութիւնը սկսած են այն պահուն, երբ լողափին մէջ կը տօնէին Յանուկան՝ հրէական տօնը։