image

Իտալերէնով լոյս տեսած է «Վերածնունդ» բանաստեղծական ժողովածուն

Իտալերէնով լոյս տեսած է «Վերածնունդ» բանաստեղծական ժողովածուն

Մարիամ Երեմեանի խմբագրութեամբ եւ թարգմանութեամբ իտալերէն լոյս տեսած է «Վերածնունդ» բանաստեղծական ժողովածուն`158 էջ։

Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»ն։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հատորը կը մէկտեղէ խորհրդային տարիներուն շատ մը հայ մեծերու՝ պարտադրաբար «մոռացութեան» մատնուած գործերէն «101 ծաղիկներու փունջ մը»։

Այդ ծաղկեփունջին մաս կը կազմեն Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Ռազմիկ Դաւոյեանի, Պարոյր Սեւակի նման անուններու ստեղծագործութիւններ, նշելու համար հայ բանաստեղծութեան գլխաւոր ներկայացուցիչներէն մի քանին միայն։

Հարիւրմէկ բանաստեղծութիւններ, որոնք պիտի ընդլայնեն ընթերցողին հորիզոնը եւ կամուրջներ պիտի կառուցեն երեւակայական աշխարհին եւ իրականին միջեւ, սիրոյ, կեանքի, ցանկութեան, պարտութեան, յուսահատութեան, երջանկութեան թաղանթներու ընդմէջէն։

Մարիամ Երեմեանի մշակած այս գիրքին մէջ գրեթէ շօշափելի է 1915ի աղէտն ու խորհրդային սահմանափակումները վերապրած հայկական մշակոյթի արմատացած մելամաղձոտութիւնը։