image

Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարարը այցելած է Ս. Յարութեան Տաճար

 Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարարը այցելած է Ս. Յարութեան Տաճար

Օրերս Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարարը այցելութիւն տուած է Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճար։

Այս մասին իմացանք «Հայ Երուսաղէմն այսօր» դիմատետրի էջէն, ուրկէ մասնաւորաբար կը կարդանք ՝

Փետրուարի 17-ին, Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարար տիար Յոել Ռազվոզովը այցելեց Սուրբ Յարութեան տաճար, որի ընթացքում եղաւ նաեւ տաճարի մաս կազմող հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցում եւ ծանօթացաւ Հայ Առաքելական սուրբ եկեղեցու, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան ու հայ ժողովրդի դարձի պատմութեանը:

Դիմաւորմանը ներկայ էին Ս. Աթոռոյս լուսարարապետ Գերշ. Սեւան արք. Ղարիպեանը, տաճարի տեսուչ Հոգշ. Սամուէլ ծ. վրդ. Աղոյեանը եւ դիւանապետ Հոգշ. Կորիւն վրդ. Պաղտասարեանը: