Իսրայէլի Քնեսեթի (խորհրդարանի) պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկած է օրէնսդիր մարմնի լուծարման օրինագիծին։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին գրած է The Times of Israel-ը։
Ըստ հրապարակման՝ ընդդիմութեան կողմէ աջակցութիւն ստացած Քնեսեթը լուծարելու մասին օրինագիծը չէ անցած նախնական լիագումար ընթերցումէն։ Օրէնսդիրները քուէարկած են 62 դէմ, 51 կողմ յարաբերակցութեամբ՝ այն բանէ ետք, երբ ծայրայեղ ուղղափառ օրէնսդիրներու մեծամասնութիւնը համաձայնած է չաջակցիլ այդ առաջարկին։
Ինչպէս նշուած է, օրինագիծին ձախողումը կը նշանակէ, որ ընդդիմութիւնը պիտի չկարողանայ առաջիկայ վեց ամիսներուն կրկին առաջարկ ներկայացնել Քնեսեթը լուծարելու վերաբերեալ։
Իսրայէլի պետական Kan հեռուստառատիոընկերութիւնը անցեալ շաբաթ հաղորդած էր, թէ երկրի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գլխաւորած իշխող դաշինքը կը գտնուի փլուզման եզրին, քանի որ կրօնական կուսակցութիւններու դաշինքը սպառնացած է դուրս գալ կառավարութենէն՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին մէջ ուղղափառ հրեայ երիտասարդներու ծառայութեան շուրջ վէճերը չկարգաւորելու պատճառով։
Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները այս զարգացումներու լոյսին տակ յայտարարած էին, որ Քնեսեթի լիագումար նիստին օրինագիծ պիտի ներկայացնեն՝ ներկայ գումարման խորհրդարանը լուծարելու վերաբերեալ։