image

Իսրայէլի ՊՆ ղեկավարը յանձնարարած է ծրագիր պատրաստել Կազայի մէջ գտնուող պաղեստինցիներու համար

Իսրայէլի ՊՆ ղեկավարը յանձնարարած է ծրագիր պատրաստել Կազայի մէջ գտնուող պաղեստինցիներու համար

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը բանակին յանձնարարած է ծրագիր պատրաստել, որ թոյլ կու տայ Կազայի բնակիչներուն ինքնակամ լքել անկլաւը: Տեղեկութիւնը յայտնած է Իսրայէլի ռազմական գերատեսչութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Կ՚ողջունեմ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրը։ Կազայի բնակիչներուն պէտք է տրուի ելքի ազատութիւն, ինչպէս ընդունուած է ամբողջ աշխարհի մէջ: Ծրագիրը պիտի ներառէ ցամաքային անցումներով ելքի տարբերակներ, ինչպէս նաեւ ծովով եւ օդով ելքի համար յատուկ միջոցներ», -յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը։

Քացը աւելցուցած է, որ կարգադրած է այնպիսի ծրագիր մշակել, որ թոյլ կու տայ Կազայի որեւէ բնակչի մեկնիլ աշխարհի որեւէ կէտ, որ կ՚ընդունի անոր։