Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը Օգոստոս 27-էն մինչեւ 28-ը Պաղեստինեան «Համաս» շարժման քանի մը փապուղիներ ոչնչացուցած է Կազայի հիւսիսային հատուածի Ճապալիա քաղաքի շրջանին մէջ։
Ինչպէս կը հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը։
«Վերջին օրուան ընթացքին զօրքերը ոչնչացուցած են քանի մը ստորգետնեայ փապուղիներ, որոնք «Համաս» կը գործածէր Ճապալիա քաղաքի շրջանին մէջ։
Կազայի հիւսիսային հատուածին մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակ կ՚ոչնչացնէ ահաբեկչական վերգետնեայ ու ստորգետնեայ կառոյցները»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։