image

Իսրայէլի մէջ ուղղադաւաններու եւս մէկ կուսակցութիւն յայտարարած է կառավարութենէն դուրս գալու մասին

Իսրայէլի մէջ ուղղադաւաններու եւս մէկ կուսակցութիւն յայտարարած է կառավարութենէն դուրս գալու մասին

Իսրայէլի ՇԱՍ կուսակցութիւնը, որ կը ներկայացնէ ուղղադաւան սեֆարտ հրեաներու շահերը, որոշած է դուրս գալ կառավարութենէն՝ կրօնական դպրոցներու ուսանողներու պարտադիր զօրակոչին շուրջ ծագած վէճերուն պատճառով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը։

Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու՝ ՇԱՍ-ը ներկայացնող նախարարները պիտի հրաժարին իրենց պաշտօններէն ու հեռանան կառավարութենէն, սակայն խմբակցութիւնը, որ 11 մանթատ ունին 120 անդամ ունեցող Քնեսեթին (խորհրդարան) մէջ, պիտի շարունակէ իր աշխատանքը օրէնսդիր ժողովին եւ անոր յանձնաժողովներուն մէջ։ Նաեւ նշուած է, թէ անոնք ժամանակաւորապէս պիտի չաջակցին ներկայ կառավարութեան նկատմամբ անվստահութեան քուէներուն եւ պիտի չփորձեն կազմալուծել խորհրդարանական դաշինքը։

Մինչ այդ՝ Յուլիս 14-ին, դաշինքէն դուրս գալու մասին յայտարարած էին նաեւ երկու այլ ծայրայեղ կրօնական կուսակցութիւններ՝ «Տեկել հա-Թորա» (Թորայի Դրօշը) եւ «Ակուտաթ Իսրայէլ» (Իսրայէլի Միութիւն), որոնք միասին Քնեսեթի ներկայ գումարման մէջ ունին 7 մանթատ։

Ուղղադաւան խմբակցութիւններու այս քայլերուն պատճառը եղած է անոնց դժգոհութիւնը այն հանգամանքէն, որ դաշինքի գործընկերները յապաղած են ընդունելու խոստացուած օրէնսդրական նախագիծը, որուն համաձայն՝ կրօնական ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողները պէտք է օրինապէս ազատուին պարտադիր զօրակոչէն։ Մինչ այսօր ուղղափառ երիտասարդները փաստօրէն ազատուած էին բանակային ծառայութենէն։ Կուսակցութիւնները կը փափաքին այս ազատութիւնը ամրագրել օրէնքով, մինչդեռ իսրայէլեան հասարակութեան աշխարհիկ մասը, հաշուի առնելով շարունակուող ռազմական գործողութիւնները, կը պահանջէ ուղղափառներուն համար պարտադիր դարձնել զօրակոչը։