Իսրայէլի իշխանութիւնները ներկայացուցած են «կանաչ անձնագիր», որ կը ստանան այն քաղաքացիները, որոնք պատուաստուած են «Քորոնա» ժահրի դէմ կամ արդէն տարած են հիւանդութիւնը: COVID փաստաթուղթը թոյլ կու տայ բնակիչներուն այցելել մարզադահլիճներ, լողաւազաններ, ցուցահանդէսներ, ապրիլ հիւրանոցներու մէջ: Այս մասին գրած է Times of Israel պարբերականը:
Նոր վկայականը ներկայացուած է հինգշաբթի, 18 փետրուարին, Իսրայէլի առողջապահութեան նախարար Եուլի Էտելշթէյնի կողմէ: Միաժամանակ, ան նախազգուշացուցած է, որ լուրջ իրաւական պատժամիջոցներ պիտի գործեն փաստաթուղթը կեղծելու համար:
Քաղաքացիները անձնագիրը կրնան ստանալ 21 փետրուարէն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել