image

Առանց ԱՄՆ-ի «Կանաչ լոյս»ին Իսրայէլ չէր կրնար հարուածել Իրանը. Արաքչի

Առանց ԱՄՆ-ի «Կանաչ լոյս»ին Իսրայէլ չէր կրնար հարուածել Իրանը. Արաքչի

Իսրայէլը չէր կրնար հարուածել Իրանը առանց Միացեալ Նահանգներու թոյլտւութեան եւ Ուաշինկթընի հետ համակարգման, յայտարարած է Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։

«Այս յարձակումը հնարաւոր չէր ըլլար առանց Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգման եւ անոնց կողմէ կանաչ լոյսի։ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, որպէս սիոնիստական ​​ռեժիմի գլխաւոր կողմնակից, պատասխանատւութիւն կը կրէ յարձակման վտանգաւոր հետեւանքներու համար։ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի համաձայն՝ Իրանն ունի օրինական իրաւունք արձագանգելու այս յարձակման, եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերը պիտի պաշտպանեն երկրի ինքնիշխանութիւնը իրենց ամբողջ ուժով», - Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէջբերած է Արաքչիի խօսքերը Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆեյսալ պըն Ֆարհան ալ Սաուտի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն՝ Արաքչին կոչ ըրած է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ԱԷՄԳ) ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսիին «յստակ դիրքորոշում ընդունելու եւ դատապարտելու սիոնիստական ​​ռեժիմի յարձակողական արարքը»։