Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ յորդորելով Իսրայէլի տարածքին մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիները պահպանելու զգօնութիւն, եւ արտակարգ իրավիճակներու պարագային կապ հաստատելու դեսպանութեան հետ։
Նկատի ունենալով Իսրայէլի Պետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակը՝ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կը յորդորէ երկրի տարածքին գտնուող ՀՀ քաղաքացիները պահպանել զգօնութիւն, հետեւիլ պաշտօնական ցուցումներուն եւ արտակարգ իրավիճակներու պարագային կապ հաստատել դեսպանութեան հետ.
. ելեկտրոնային հասցէով (armisraelembassy@mfa.am),
. ընկերային էջերու (Facebook, X) միջոցով,
. ինչպէս նաեւ +972 58 607-0313 հեռախօսահամարով։
Աւելի վաղ նման յայտարարութիւն տարածած էր Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։