Երուսաղէմի մէջ յուզումները սկսած են 7 մայիսին: Արաբ երիտասարդներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումները բռնկած են 8 մայիսի երեկոյեան, այնուհետեւ շարունակուած է՝ տարածուելով Տաճարի լեռան եւ Ալ-Աքսա մզկիթի տարածքին: Անոնք իրենց գագաթնակէտին հասած են 10 մայիսին, երբ հրեաները կը նշէին Երուսաղէմի օրը: Բախումներու սկիզբէն ի վեր Կազայի հատուածէն աւելի քան 1600 հրթիռ արձակուած է Իսրայէլի ուղղութեամբ: 850 հրթիռ հատած է Իսրայէլի սահմանը, եւս 200-ը ինկած՝ Կազայի հատուածին մէջ: Բախումներու ընթացքին եղած են զոհեր եւ վիրաւորներ, այդ շարքին՝ խաղաղ բնակչութեան շարքերէն: Իսրայէլի բանակը յայտարարած Է, որ կ'ոչնչացնԷ ՀԱՄԱՍ-ի հետախուզութեան հանգուցային դէմքերը, այդ շարքին՝ ՀԱՄԱՍ-ի ռազմական հետախուզութեան անվտանգութեան բաժնի ղեկավարը ու անոր տեղակալը: