image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի համար Իրանը «քաղցկեղ» է

Իսրայէլի համար Իրանը «քաղցկեղ» է

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն ըսած է, որ Իրան նման է «քաղցկեղի»՝ նշելով, որ Թել Աւիւ կը դիտարկէ «ռազմական քայլեր»ը: Համապատասխան յայտարարութիւնը ան ըրած է Պերլինի մէջ՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուական գործակալութիւնը։

«Իրան նման է քաղցկեղի. այն կը ֆինանսաւորէ «ՀԱՄԱՍ»-ը, ճիհատն ու «Հըզպալլա»ն», - ըսած է ան:

Պաշտպանութեան գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ «խնդրի լուծման» տարբերակներէն մէկը պատժամիջոցներն են։ Որպէս երկրորդ տարբերակ՝ Իսրայէլ, անոր խօսքով, կը դիտարկէ ռազմական միջամտութիւնը։

«Երկրորդ, մենք ունինք նաեւ հրատապ ռազմական տարբերակ սեղանին: Եւ մեր հետախուզական գործակալութիւններու եւ մեր տեղեկութիւններու համաձայն՝ հիմա ճիշդ ժամանակն է այս երկու քայլերն ընելու համար», - աւելցուցած է Քոհեն։