image

Իսրայէլի ՑԱՀԱԼ-ը յայտնուած է ՄԱԿ-ի սեւ ցուցակին մէջ

Իսրայէլի ՑԱՀԱԼ-ը յայտնուած է ՄԱԿ-ի սեւ ցուցակին մէջ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Իսրայէլի բանակը ներառած է հակամարտութեան ժամանակ երեխաներու նկատմամբ խախտումներ իրականացնողներու սեւ ցուցակին մէջ: ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի տեւական ներկայացուցիչը պաշտօնական ծանուցում ստացած է, ուր նշուած է, որ ՑԱՀԱԼ-ը բաւականաչափ ջանքեր չէ գործադրած՝ ապահովելու Կազայի մէջ երեխաներու պաշտպանութիւնը:

Վերջին տուեալով՝ 2023 թուականի 7 հոկտեմբերէն ի վեր Կազայի մէջ աւելի քան 15000 երեխայ զոհուած է:

Իսրայէլի վարչապետը յայտարարած է, որ նման որոշմամբ ՄԱԿ-ը ինքզինք կը ներառէ պատմութեան սեւ ցուցակին մէջ: Բենիամին Նաթանիահու մեղադրած է կառոյցը՝ իբր Համաս-ի գործողութիւններն արդարացնելու համար: