Իսրայէլը ռազմական գործողութիւն կ՚իրականացնէ Ռաֆահի մէջ՝ հսկողութիւն սահմանելով Կազայի սահմանային անցակէտի վրայ, որ շրջափակուած գօտի մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու հիմնական ուղին է։
Ռազմական գործողութիւնները սկսած են երկուշաբթի՝ 6 մայիսի ուշ երեկոյեան, երբ հրէական պետութեան կառավարութիւնը յայտարարած է, որ հրադադարի առաջարկը չի համապատասխաներ Իսրայէլի պահանջներուն:
Ամիսներ շարունակ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ըսած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը Ռաֆահի մէջ «Համաս»-ի «վերջին յենակէտերը» ոչնչացնելու գործողութիւն կ՚իրականացնէ՝ անկախ անկէ, համաձայնութիւն ձեռք կը բերուի՞ պատանդներու հետ կապուած բանակցութիւններուն, թէ՞ ոչ։ Իսրայէլի բանակն ալ յայտնած է, որ Եգիպտոսի սահմանամերձ քաղաքին մէջ կը գտնուին «Համաս»-ի վեց գումարտակներէն չորսը, ինչպէս նաեւ խումբի ղեկավարութեան անդամները եւ զգալի թիւով պատանդներ, որոնց առեւանգած էին հոկտեմբեր 7-ին Իսրայէլի վրայ յարձակման ժամանակ:
ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը Ռաֆահի մէջ կ՚իրականացնէ ոչ թէ լայնամաշտապ ներխուժում, այլ «սահմանափակ» գործողութիւն: Միաժամանակ Ճօ Պայտընի վարչակազմը հաստատած է լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւններն այն մասին, որ անցեալ շաբաթ Սպիտակ տունը դադրեցուցած է օդային ռումբերու մատակարարումը Իսրայէլին՝ մտավախութիւն ունենալով, որ ատոնք «կ՚օգտագործուին Ռաֆահի մէջ գործողութեան ժամանակ»։
Հոկտեմբեր 7-էն ի վեր սա առաջին դէպքն է, երբ ԱՄՆ-ն կը յետաձգէ Իսրայէլի համար նախատեսուած զէնքի առաքումը։