image

Իսրայէլացի բնակեցողներ ներխուժած են «Ալ Աքսա» մզկիթ.Իսկ Արեւմտեան ափի մէջ ձերբակալումներ. (Տեսանիւթ)

Իսրայէլացի բնակեցողներ ներխուժած են «Ալ Աքսա» մզկիթ.Իսկ Արեւմտեան ափի մէջ ձերբակալումներ. (Տեսանիւթ)

Իսրայէլացի բնակեցողներ ներխուժած են «Ալ Աքսա» մզկիթ.Իսկ Արեւմտեան ափի մէջ ձերբակալումներ

Իսրայէալցի վերաբնակիչներու խումբեր այսօր առաւօտեան ներխուժած են «Ալ-Աքսա» մզկիթ զինուած յատուկ ուժերու պաշտպանութեան ներքոյ:

Այս  մասին   «Արեւելք» կը կարդայ  «Ալ Մայատին» կայանէն։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Ալ-Աքսա» մզկիթի վարչակազմը պարզաբանած է, որ «տասնեակ հրեայ ծայրայեղականներ ներխուժած են «Ալ-Աքս»  մզկիթ, ժամը եօթին, Ալ-Մաղարիպա դուռ»էն», նշելով, որ այդ խումբերը սադրիչ շրջայցեր կատարած են  մզկիթի բակերուն մէջ, եւ ետքը դուրս  եկած:

Աղբիւրը ընդգծած է, որ «Ալ-Աքսա մզկիթ ներխուժած վերաբնակեցուածներէն շատերը թալմուտեան ծիսական աղօթքներ կը կատարէին մզկիթին մէջ», նշելով, որ իսրայէլեան ուժերը թույլ չէին տար «Ալ-Աքսա» մզկիթի պահակներուն մօտենալ ներխուժողներուն եւ կը ստիպէին անոնց մնալ յատուկ ծառայութիւններու ետին՝ մօտ 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը զանգուծային ձերբակալութիւններու արշաւ սկսած են Արեւմտեան ափի շարք մը քաղաքներու մէջ:

Այսօր առաւօտեան  իսրայէլեան ուժեր ներխուժած են Ռամալլայի, Բեթղեհէմի, Նապլուսի եւ Խալիլի թաղամասերը, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջաններու մէջ փախստականներու ճամբարներ եւ ձերբակալած են տասնեակ երիտասարդներ: Այս բոլորը հակադարձուած էր առճակատումներով եւ  ներխուժումը կանխելու փորձերով: