Իսրայէլը կրկին բացած է օդային տարածքը ժամանող օդանաւերու համար։ Այս մասին մէկ տողով յայտնած է Times of Israel–ը`յղում ընելով երկրի օդակայաններու վարչութեան (Israel Airports Authority)։
Յունիս 24-ի լոյս գիշերը ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարեց, որ Իսրայէլն ու Իրանը համաձայնութեան եկած են հրադադարի շուրջ, որ 24 ժամ անց պէտք է դառնայ «12-օրեայ պատերազմի պաշտօնական աւարտը»։ Սակայն Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարեց, որ որեւէ համաձայնութիւն դեռ չկայ։
Իսրայէլը հաստատած է, որ համաձայնած է Իրանի հետ հրադադարի։ Իրանեան Press TV հեռուստաալիքը առաւօտեան (Երեւանի ժամանակով ժամը 08:00–ին) յայտնած էր, որ Իսրայէլի հետ հրադադարի ռեժիմն ուժի մէջ մտած է։