image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ պէտք է աւելցնէ մարդասիրական օգնութիւնը Կազային. Սպիտակ տուն

Իսրայէլ պէտք է աւելցնէ մարդասիրական օգնութիւնը Կազային. Սպիտակ տուն

Միացեալ Նահանգները ճնշում կը գործադրէ Իսրայէլի վրայ՝ Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմական գօտիներու մէջ յայտնուած խաղաղ բնակչութեան վիճակը բարելաւելու համար։

Ըստ DPA գործակալութեան՝ Ուաշինկթընը սպառնացած է, որ եթէ յառաջիկայ 30 օրուան ընթացքին այդ ոլորտի մէջ բարելաւումներ չըլլան, այդ կրնայ համարուիլ ռազմական օգնութեան մասին Միացեալ Նահանգներու օրէնքի խախտում։ Այդ պարագային Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իսրայէլին տրուող ռազմական աջակցութիւնը կրնայ կրճատուիլ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը եւ պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինը նամակ ուղարկած են Իսրայէլի իշխանութիւններուն՝ «խոր մտահոգութիւն» յայտնելով Կազայի հատուածին մէջ մարդասիրական իրավիճակի վերաբերեալ, եւ Իսրայէլի կառավարութենէն պահանջած են «արտակարգ եւ երկարաժամկէտ միջոցներ» ձեռնարկել՝ այն բարելաւելու համար։

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը քննադատած է նաեւ իսրայէլցի զինուորականներու գործողութիւնները Լիբանանի մէջ։ «Մենք Իսրայէլին ըսած ենք, որ անընդունելի կը համարենք Պէյրութի խիտ բնակեցուած տարածքներուն գրեթէ ամենօրեայ օդային հարուածները»,-ըսած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութեան համակարգող Ճոն Քիրպին եւ ընդգծած, որ պէտք է երաշխաւորուին խաղաղ բնակիչներու, ՄԱԿ-ի խաղաղապահներու եւ լիբանանեան զինուորականներու կեանքի պաշտպանութիւնն ու անվտանգութիւնը: