image

Իսրայէլ պատրաստ է հարուածներ տալ Իրանին. Արեւմտեան լրատուամիջոցներ

Իսրայէլ պատրաստ է հարուածներ տալ Իրանին. Արեւմտեան լրատուամիջոցներ

Իսրայէլ լիարժէք պատրաստ է ռազմական գործողութիւն սկսելու Իրանի դէմ, Միացեալ Նահանգները կոչ ըրած է քաղաքացիներուն լքելու տարածաշրջանը՝ հակադարձ պատասխանի սպառնալիքի պատճառով, հաղորդած է CBS News-ը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։

Հեռուստաալիքի տուեալներով՝ Միացեալ Նահանգները կ՚ենթադրէ, որ Իրանը կրնայ հակահարուած տալ հարեւան Իրաքի մէջ գտնուող որոշ ամերիկեան կառոյցներու։ Այդ պատճառով իշխանութիւնները խորհուրդ տուած են որոշ ամերիկացիներու լքելու տարածաշրջանը, իսկ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրամայած է ոչ առանցքային ​​պաշտօնեաներուն լքել Իրաքը՝ «տարածաշրջանային լարուածութեան աճի» պատճառով։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆը կը ծրագրէ յունիս 15-ին հանդիպիլ Իրանի պատուիրակութեան հետ՝ երկրի միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւններու վեցերորդ փուլի շրջածիրէն ներս։

Մեկնաբանելով իրավիճակը՝ Տանըլտ Թրամփ բացատրած է, որ ամերիկացիներուն խորհուրդ կը տրուի լքել տարածաշրջանը, «քանի որ այն կրնայ վտանգաւոր վայր ըլլալ»։ Թրամփ նաեւ կրկնած է, որ Միացեալ Նահանգները թոյլ չի տար Իրանին մշակել միջուկային զէնք։

Մինչդեռ The Washington Post-ը գրած է, որ Միացեալ Նահանգները կը վախնայ Իսրայէլի կողմէ Իրանին հնարաւոր հարուածներէն: Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան պաշտօնեաները մտահոգուած են, որ Իսրայէլ կրնայ հարուածել Իրանի միջուկային կառոյցները առանց Միացեալ Նահանգներու համաձայնութեան, հաղորդած է The Washington Post-ը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։

«Մենք կը հետեւինք եւ մտահոգուած ենք: Մենք կը կարծենք, որ իրավիճակն աւելի լուրջ է, քան երբեւէ եղած է անցյալին», - WP-ին ըսած է տարածաշրջանին մէջ բարձրաստիճան դիւանագէտներէն մէկը։ 

Հրատարակութեան աղբիւրներու կարծիքով, նման քայլը գրեթէ անկասկած պիտի խաթարէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի միջուկային բանակցութիւնները եւ պիտի հրահրէ Իրանի կողմէ պատասխան գործողութիւններ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան կայաններուն դէմ։

Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթը թոյլատրած էր ամերիկացի զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն կամաւոր լքել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գտնուող կառոյցները։