Իսրայէլեան բանակը պահանջած է, որ իր զօրքերը լքեն Ատրպէյճանը եւ Վրաստանը։ Այս մասին յայտնած է Իսրայէլի պետական Kan հեռուստառատիոընկերութիւնը։
«Վախնալով Իրանի պատասխան գործողութիւններէն՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը նոր հրաման արձակած են, որով կ՚արգիլուի իրենց կանոնաւոր բանակի զինուորականներուն գտնուիլ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքին», -ըսուած է հրատարակութեան մէջ:
Աւելի վաղ ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցիչ Ամիր Սայիտ Իրվանին կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ժամանակ յայտարարած էր, որ Թեհրանը, հետեւելով միջազգային իրաւունքին, իրեն իրաւունք կը վերապահէ ինքնապաշտպանութեան՝ պատասխանելու «Համաս»-ի քաղաքական դիւանի առաջնորդ Իսմայիլ Հանիյէի սպանութեան։ Իսկ Իրանի նախագահ Մասուտ Պեզեշքիանն առաջարկած էր հարուածներ հասցնել Ատրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող իսրայէլեան ռազմակայանին: