Իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի կազային հարթակի՝ «Հըզպալլայի յարձակման» հնարաւորութեան, երբ Լիբանան կը նախազգուշացնէ վիճելի ջուրերուն մէջ Իսրայէլի որեւէ «յարձակողական գործողութենէ»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած են, որ բանակը կ'ակնկալէ, որ Հըզպալլան թիրախաւորէ Քարիշ հանքավայրէն կազ արդիւնահանելու նոր հարթակը, որ Կիրակի օր տեղադրուած է բրիտանա-յունական «Energean» հետախուզական ընկերութեան կողմէ` Հայֆայէն 80 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք գտնուող հանքավայրին մէջ:
Իսրայէլեան «Քան» հեռուստաալիքը յայտնած է, որ բանակը կը պատրաստուի կազային հարթակի՝ «Հըզպալլայի յարձակման» հնարաւորութեան, երբ Լիբանան կը նախազգուշացնէ վիճելի ջուրերուն մէջ Իսրայէլի որեւէ «յարձակողական գործողութենէ»:
Իսրայէլեան հեռուստաալիքը յայտարարած է, որ անվտանգութեան ծառայութիւնները նիստ կատարած են` գնահատելու իրավիճակը, երբ Energean հարթակը լքած է Սինկափուրի նաւահանգիստը դէպի իսրայէլ անցեալ Մայիսին:
Ան նշած է, որ Իսրայէլի եւ Energean ընկերութեան միջեւ կնքուած պայմանագրերը կը նախատեսեն, որ հարթակի ապահովումը ընկերութեան պարտականութիւններէն է, իսկ «ջրային տարածքի անվտանգութեան» պատասխանատուութիւնը` իսրայէլեան բանակի ուսերուն է:
Բրիտանա-յունական ընկերութիւնը նախօրէին տեղադրած է հարթակը եւ յայտարարած է, որ կազի արդիւնահանումը պիտի սկսի 3 ամսուայ ընթացքին, կը յայտնէ Haaretz կայքը, մինչդեռ Իսրայէլի հանրային հեռարձակողը եւ ռատիօն նշած են, որ «իսրայէլեան նաւատորմը կը հսկէ հարթակը եւ ապահոված է անոր փոխադրութիւնը Սուէզի նեղուցէն դուրս գալէն ի վեր, գալով Սինկափուրէն:
Անցեալ շաբաթ Իսրայէլի Քնեսեթի տնտեսական հարցերու յանձնաժողովը հաստատած է նոր կազային հարթակէն 1500 մեթր հեռաւորութեան վրայ ծովային նաւարկութիւնը արգիլող հրամանը:
Լիբանանը դատապարտած է Energean ընկերութեան նոր հարթակի տեղադրումը Լիբանանի եւ բռնագրաւուած Պաղեստինի միջեւ վիճելի տարածքի կեդրոնին: